2013-08-19 12:04:14

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Կիրակնօրեայ ''Հրեշտակ Տեառն'' Մարեմեան Աղօթքը


Կիրակի 18 օգոստոս 2013, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն կիրակնօրեայ ''Հրեշտակ Տեառն'' մարեմեան աղօթքը արտասանեց, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը խռնուած տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. այսօրուան ծիսակատարութեան ընթերցումներուն մէջ կարդացինք , Եբրայեցիներուն ուղղուած թուղթէն հետեւեալ համարները. ''Այսուհետեւ մենք ալ պէտք է թօթափենք ամէն մեղք որ մեզ կը կաշկանդէ եւ համբերութեամբ դիմագրաւենք փորձութեան շրջանը որ կը սպասէ մեզի, սեւեռենք մեր աչքերը մեր հաւատքի պետին վրայ` Յիսուսի, որ զայն կը տանի կատարելութեան։
Այս արտայայտութիւնը պէտք ենք մասնաւորապէս ընդգծել Հաւատքի այս տարուան ընթացքին։ Մենք եւս, ամբողջ այս տարուան ընթացքին սեւեռենք մեր աչքերը Յիսուսի վրայ քանի որ մեր հաւատքը կու գայ Յիսուսէն։ Ինքը միակ միջնորդն է մեր եւ երկնաւոր Հօր միջեւ։ Յիսուս Աստուծոյ Որդինն է, եւ մենք Իրմով որդիներ ենք։
Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. Յիսուս իր աշխակերտներուն կ'ըսէ. ''կը կարծէք թէ եկած եմ խաղաղութիւն բերելու աշխարհին. ոչ, այլ բաժանումներ''։ ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա։ Կը նշանակէ որ հաւատքը զարդարանք մը չէ, այլ կ'ենթադրէ Աստուած ընտրել որպէս հիմը կեանքին, եւ Աստուած պարապութիւն մը չէ, չէզոք չէ, Աստուած միշտ դրական է, Սէր է եւ սէրը դրական է։ Յիսուս աշխարհ գալով չենք կրնար ըսել թէ Աստուած չենք ճանչնար։ Աստուած դրական դիմագիծ մը ունի, անուն մը ունի` Աստուած ողորմած է, հաւատարիմ` իր խոստումներուն, կեանք է։ Այս պատճառաւ Յիսուս կ'ըսէ ''եկած եմ բաժանում բերելու''։ Ասիկա չի նշանակեր որ Յիսուս կ'ուզէ մարդիկը մէկը միւսէն բաժնել, ընդհակառակը, Յիսուս մեր խաղաղութիւնն է, մեր հաշտութիւնը։ Սակայն այս խաղաղութիւնը գերեզմաններու խաղաղութիւն չէ, չէզոք չէ եւ ոչ ալ փոխզիջում` ի գին ամէն բանի։ Յիսուսի հետեւիլը կը պահանջէ հրաժարում՝ չարէն, եսասիրութենէն, եւ ընտրել բարին, ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը եւ ասիկա կը պահանջէ զոհողութիւն, սեփական շահերու հրաժարում։ Ասիկա յառաջ կը բերէ բաժանում, նոյնիսկ կը բաժնէ ամենասերտ կապերը։ Այս իմաստով ''Յիսուս նշան է հակառակութեան''։
Հետեւաբար Աւետարանի այս խօսքը չ'արտօներ բռնութեան գործածութիւնը հաւատքի տարածումին համար։ Ընդհակառակը, քրիստոնեային ճշմարիտ ոյժը կը կայանայ ճշմարտութեան ու սիրոյ ոյժի մէջ։ Հաւատքն ու բռնութիւնը իրարու անհաշտ են։ Քրիստոնեան բռնակալ մը չէ, սակայն ուժեղ է։ Սիրոյ ոյժ է։
Սիրեցեալ բարեկամներ, Յիսուսի ազգականներու մէջ կային ոմանք որ չէին ընդուներ Յիսուսի ապրելակերպը ու քարոզութիւնը, սակայն անոր Մայրը հաւատարմութեամբ Անոր կը հետեւէր։ Շնորհիւ Մարիամի հաւատքին, Յիսուսի մտերիմները մաս կազմեցին քրիստոնեայ առաջին հասարակութեան։ Ս. Կոյս Մարիամէն խնդրենք որ մեզի սորվեցնէ ՝ սեւեռել մեր հայացքը Յիսուսի վրայ ու միշտ անոր հետեւիլ։
Մարեմեան աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն փիլիփեաններու մէջ նաւաբեկումի զոհերու ու անոնց պարագաներուն համար։ Նոյնպէս շարունակենք աղօթել Եգիպտոսի խաղաղութեան համար։ Ամէնքս միասին ըսենք. Մարիամ, խաղաղութեան Թագուհի աղօթէ մեզի համար







All the contents on this site are copyrighted ©.