2013-08-17 11:26:54

Լիբանանեան Պատերազմի Դառն Օրերը Յիշեցնելով. Ուժգին Պայթում Մը Ցնցեց Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններու Ռուէյս Շրջանը` Պատճառելով 24 Զոհ Եւ Շուրջ 250 Վիրաւոր


Պայթումի յանցագործներուն թէ զոհերուն եւ անյայտացած քաղաքացիներուն փնտռտուքը կը շարունակուի` մտավախութիւններ առթելով զոհերու թիւի յաւելման հաւանականութեան գծով:
Ապահովական կառոյցները ձեռնարկեցին զոհերու թէ շրջանի բնակիչներէն անյայտացած անձերու հարազատներու «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեան` ստուգելու համար զոհերու յատկապէս ածխացած դիակներուն ինքնութիւնը:
Նախնական տեղեկութեանց համաձայն, «Քիա» տիպի ինքնաշարժ մը, որ կը կրէր շուրջ 60 քկ պայթուցիկ նիւթ, պայթեցաւ իբրեւ արդիւնք անձնասպանական գործողութեան մը` պատճառելով 24 զոհեր եւ շուրջ 250 վիրաւոր:
Այլ աղբիւրներու համաձայն, ականահարուած ինքնաշարժը «735-Պի. Էմ. Տապլեու» տիպի էր: Իսկ պայթումին տարողութեան գծով կարգ մը աղբիւրներ նշեցին 80 քկ «Թի. Էն. Թի.», մինչ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկուան իր խօսքին մէջ նշեց, որ անիկա կը կշռէր աւելի քան 100 քկ «Թի. Էն. Թի»:







All the contents on this site are copyrighted ©.