2013-08-17 11:51:05

«Միացեալ Նահանգներ «Ժընեւ-2»-ի Հարցով Ամէն Ինչ Շրջուած Կը Ներկայացնեն» Կ՛ըսէ Լուքաշեւիչ


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու այն յայտարարութիւնները, թէ Սուրիոյ տագնապի լուծման «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը հրաւիրելու դժուարութիւնները կապուած են Սուրիոյ ղեկավարութեան` այդ խորհրդաժողովին մասնակցելու անպատրաստակամութեան, իրավիճակը շրջուած կը ներկայացնեն:
Ան նշած է, որ խորհրդաժողովը հրաւիրելու հարցին մէջ նախապայմաններ կ՛առաջադրէ սուրիական ընդդիմութիւնը, եւ ատիկա շատ լաւ յայտնի է ամերիկեան կողմին:
Լուքաշեւիչ նաեւ ընդգծած է, որ Սուրիոյ բնակիչները Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու կողմէ որդեգրուած միակողմանի պատժամիջոցներուն պատճառով դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն:







All the contents on this site are copyrighted ©.