2013-08-15 11:01:34

Եգիպտոսի Մէջ Արտակարգ Դրութիւն Յայտարարուեցաւ


Եգիպտոսի նախագահութիւնը երկրին մէջ միամսեայ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց, երբ ապահովական ուժեր Գահիրէի մէջ Նահտա եւ Ռապիա Ատաուիյա հրապարակները ներխուժեցին` ցրուելու համար Իսլամ եղբայրներու նստացոյցերը: Իսլամ եղբայրները այդ քայլին հակադարձելով կառավարական շէնքերու եւ ոստիկանատուներու դէմ յարձակումներ գործեցին:
Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Գահիրէի եւ նահանգներուն մէջ բախումներու պատճառով արձանագրուած է 278 զոհ: Սակայն Իսլամ եղբայրներու կայքէջը հաղորդեց, որ զոհերուն թիւը աւելի քան 800 է:
Ներքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց, որ ապահովական ուժերը փամփուշտ օգտագործած են: «Ապահովական ուժերը արցունքաբեր կազ օգտագործեցին` ցրուելու համար ցուցարարները, թէեւ ցոյցերու երկու ճամբարներուն մէջ գտնուող զինեալ տարրեր առատ կերպով կրակ բացին անոնց դէմ` սպաննելով սպայ մը եւ զինուոր մը, ինչպէս նաեւ վիրաւորելով չորս ոստիկաններ եւ երկու զինուորներ», նշեց նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը մէջ:
Ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ձերբակալած է 543 անձեր, ներառեալ` անձեր, որոնց մօտ ծանր զէնքեր գտնուած են:
Պատկերասփիւռի կայանները երկու հրապարակներուն վրայ գրաւուած զէնքերու եւ փամփուշտներու նկարներ ցուցադրեցին:
Կառավարութեան բանբեր մը պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին գովաբանեց ապահովական ուժերուն ցուցաբերած «ինքնազսպումը»` նշելով, որ կառավարութիւնը վճռական կերպով դէմ պիտի դնէ պետական շէնքերու եւ ոստիկանատուներու դէմ կատարուած յարձակումներուն:
Զոհերուն շարքին էին «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանի նկարիչ Միք Տին եւ «Կալֆ Նիուզ»-ի թղթակից Հապիպա Ահմետ Ապտել Ազիզ:
Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու ղեկավարներէն Իսամ Օրիան յայտարարեց, որ «այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, իսկական անհաւասար կռիւ է, սակայն մեր կամքը հրասայլերու շղթաներուն տակ չի կոտրուիր»:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն դատապարտեց բռնարարքները եւ «բոլոր եգիպտացիներուն» կոչ ուղղեց «իրենց ջանքերը կեդրոնացնելու իսկական եւ համապարփակ հաշտութեան ջատագովման վրայ»:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն յայտնեց, որ բռնարարքը լուծումի պիտի չառաջնորդէ, եւ եգիպտական իշխանութեանց կոչ ուղղեց չափազանց զսպուածութիւն ցուցաբերելու:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իսլամ եղբայրներու երկու նստացոյցերու ցրուումը նկատեց ջարդ մը: Ան այլ երկիրներ ամբաստանեց լուռ կենալով բռնարարքներու ճամբան հարթելու յանցանքով եւ ՄԱԿ-ի ու Արաբական լիկային կոչ ուղղեց անմիջապէս շարժելու:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ իր կարգին ուժի կիրարկումը դատապարտեց:
Սպիտակ տունը բուռն կերպով մերժեց բանակայիններու կողմէ արտակարգ դրութեան հաստատումը` նշելով, որ «Եգիպտոսի մէջ ներկայ կացութիւնը խաղաղ լուծումի պիտի չառաջնորդէ»:
Կազայի կառավարութիւնը եւս դատապարտեց նստացոյց կատարողներուն դէմ ուժի կիրարկումը:
Եգիպտոսի մէջ երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ այսօր առաւօտեան ժամը 6:00 կրակմարի դրութիւն յայտարարուեցաւ:
Եգիպտոսի միջազգային յարաբերութեանց հարցերով փոխնախագահ Մոհամետ Պարատէյի երէկ երեկոյեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն` իբրեւ բողոք ուժի կիրարկումին դէմ` յայտնելով, որ «քաղաքական տագնապի լուծման խաղաղ ընտրանքներ գոյութիւն ունէին»:







All the contents on this site are copyrighted ©.