2013-08-15 13:37:20

Գասդել Կանտոլֆոյ - Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Վերափոխման Տօնին Առթիւ Մատուցած Սուրբ Պատարագը։


Հինգշաբթի 15 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10,30-ին` Աստուածամօր վերափոխման տօնին առթիւ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, Գասդել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցի պալատի մուտքի դիմաց գտնուող “Piazzale della Libertà” անուան հրապարակի վրայ մատույց սուրբ պատարագ տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ ու ապա նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Այս երրորդ անգամն է որ ֆրանչիսկոս Պապը Գասդել կանտոլֆոն կ՛այցելէ: Նորին Սրբութիւնը առաջին անգամ Գասդել Կանտոլֆոյ ամարանոց փոխադրուած էր իր գահակալութենէն անմիջապէս ետք` 23 մարտին, հանդիպելու համար Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետին որ այդ օրերուն բնակութիւն հաստատած էր այնտեղ։ Իսկ երկրորդ այցելութիւնը հանդիսացաւ կիրակի 14 յուլիսին երբ ֆրանչիսկոս Պապը, առաջին պաշտօնական այցը կատարեց Գասդել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոց` ուր հանդիպում ունեցաւ Քահանայապետական պալատի աշխատակազմին հետ

Վերափոխման Տօնին առթիւ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ակնարկեց վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի մասին թողած գեղեցիկ խորհրդածութիւններուն ու անոնց հիման վրայ մեկնաբանեց սուրբ գրային ընթերցումները զանոնք եզրակացնելով երեք բառերով՝ պայքար, յարութիւն, յոյս։

Պայքարը կնոջ եւ օձի միջեւ։ Կինը որ կը խորհրդանշէ Եկեղեցին եւ որ յաղթական է։ Մարիամ մեզ երբեք մինակ չի թողուր ու մեզի մօտիկ է միշտ։ Ան թիկունք կր կանգնի քրիստոնեաներուն չարին դէմ պայքարի մէջ։

Արտայատուելով ապա Յարութեան նիւթին՝ Քահանայապետը ակնարկեց թէ ինչպէս Տիրամայրը ինք եւս ապրեցաւ իր Որդւոյն չարչարանքները եւ նոյնիսկ մահուան մէջ միացաւ Անոր ու ասոր համար իրեն տրուեցաւ յարութեան շնորհքը ու Մարիամ դարձաւ փրկուողներու երաշխիքը։

Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Յոյսին մատնանշելով Մարիամի հրեշտակին արտասանած “Մեծացուսցէին” որ է - ըսաւ Քահանայապետը - Յոյսի օրհներգ ու քարոզը եզրափակեց բոլորը հրաւիրելով միանալու Աստուածամօր “Մեծացուսցէին”, որ երկիրը կր միացնէ երկինքին եւ պատմութիւնը յաւիտենականութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.