2013-08-13 13:18:53

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ընդունեց Արժէնթինայի եւ Իտալիայի Ոտնագունդի Մարզիկները։


Երեքշաբթի 13 օգոստոսի կէսօրին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Գլեմենդինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Արժէնթինայի եւ Իտալիայի ոտնագունդի հաւաքականի մարզիկներուն որոնք 14 օգոստոսի երեկոյեան Հռոմի ''Օլիմիբիքո'' մարզադաշտին մէջ բարեկամական մրցոյդ մը կազմակերպած են ի պատիւ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութեան խօսք ուղղեցին մէկ իտալացի եւ մէկ արժէնթինցի մարզիկ մը՝ իտալերէն եւ սպաներէն լեզուներով, հուսկ Սրբազան քահանայապետը սրտաբուխ խօսք մը ուղելով ներկաներուն (իտալերէն եւ սպաներէն լեզուներով) յայտնեց թէ իրեն համար դժուար է մէկ խումբին կամ միւսին կողմ բռնել, միաժամանակ ուրախութիւն յայտնելով որ ՛՛բարեբախտաբար մրցոյդը “բարեկամական” բնոյթ ունի՝՝։ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն մատնանշելով անոնց ՛՛ժողովրդականութեան՝՝ ըլլայ մարզադաշտէն ներս թէ դուրս ու անոնց ՛՛ընկերային՝՝ պատասխանատուութեան։ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց նաեւ խմբային խաղի գեղեցկութեան ուր պէտք է տիրապետէ փոխյարաբերութիւնը եւ ոչ թէ անձնասիրութիւնը ինչպէս նաեւ կազմակերպութիւնը։ Դուք մարզիկ ըլլալէ առաջ մարդիկ էք եւ այսպէս ըլլալու էք մարզանքի եւ կեանքի ընթացքին։ Մարդկութիւն ընդգրկող մարդիկներ։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց բոլորին վրայ հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը եւ Տիրոջ օրհնութիւնը ու ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար որպէսի ինք եւս Աստուծոյ դաշտին մէջ կարենայ արիութեամբ պատուաւոր խաղ մը խաղալ բոլորին բարիքին համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.