2013-08-13 11:07:08

Ֆտանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Պատգամը Պրազիլի Ընտանիքի Ազգային Շաբաթուան Առթիւ (11-17 օգոստոս 2013)։


Կազմակերպութեամբ Պրազիլի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասին, Պրազիլի մէջ սկիզբ առաւ ընտանիքի ազգային շաբաթը (11-17 օգոստոս 2013) ունենալով որպէս նիւթ ''Քրիստոնէական հաւատքի փոխանցումն ու դաստիարակութիւնը ընտանիքին մէջ'' ։ Եպիսկոպոսները վերակոչելով Աբարեսիտայի վաւերաթուղթը, կը յիշեցնեն որ ընտանիքը Լատին Ամերիկայի ամենակարեւոր գանձերէն մէկն է ու համայն մարդկութեան ժառանգութիւնը ։
Վաւերաթուղթին մէջ եպիսկոպոսները կը հրաւիրեն ժողովրդապետութիւնները պատշաճ նախաձեռնութիւններ կազմակերպելու լաւագոյնս ապրելու համար ընտանիքի ազգային շաբաթը։

ֆրանչսիսկոս Քահանայապետը այս առթիւ պատգամ մը ուղղած է ժողովականներուն որուն մէջ կը գրէ՝

''Սիրեցեալ պարզիլցի ընտանիքներ, տակաւին վառ կը պահեմ սրտիս մէջ ուրախութիւնները որ ապրեցայ Պրազիլ կեցութեանս ընթացքին, ուրախ եմ ձեզ ողջունելու, Պրազիլի ընտանիքի ազգային շաբաթուան առթիւ, որուն նիւթն է ''Քրիստոնէական հաւատքի փոխանցումն ու դաստիարակութիւնը ընտանիքին մէջ'' ։ Կը քաջալերեմ ընտանիքները իրենց այս վեհագոյն ու պահանջքոտ պարտականութեան որուն կանչուած են, ըլլալու Աստուծոյ առաջին գործակիցները իրենց զաւակներու պատրաստութեան՝ լաւ ապագայի մը համար։ Ահա այս պատճառաւ կարեւոր է որ ծնողները միասնաբար ապրին իրենց հաւատքը ընտանեկան յարկէն ներս աճեցնելու եւ հասունցնելու իրենց զաւակները հաւատքին մէջ։ Ծնողները հետեւաբար կանչուած են հաղորդելու իրենց զաւակներուն,թէ խօսքով եւ թէ բարի օրինակով, կեանքի հիմնական ճշմարտութիւնները, մարդկային սէրը, որ ճանչցանք Աստուծոյ Յայտնութեան լոյսով։
Յաչս ներկայ ժամանակի մշակոյթին ուր յարաբերական կը նկատէ մարդկային կեանքի արժէքը, ծնողները կանչուած են հաղորդելու զաւակներուն կեանքին արժէքն ու պաշտպանութիւնը` սաղմէն սկսեալ մինչեւ բնական մահը, ճանչնալով կեանքը որպէս պարգեւը Աստուծոյ ու գրաւականը մարդկութեան ապագային։
Նմանապէս կանչուած են դաստիարակելու զանոնք յատուկ խնամք տանելու տարեձներուն, մասնաւորապէս մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն, որոնք կը ներկայացնեն ժողովուրդին ողջ յուշերը եւ կը հաղորդեն կեանքի իմաստութիւնը։
Յուսով որ դուք՝ սիրեցեալ պրազիլցի ընտանիքներ, ըլլաք մեծ պաշտպանը սիրոյ գեղեցկութեան, զօրացած քրիստոնէական հաւատքով եւ Բարձրեալին շնորհքներուն ժառանգութեամբ, բարեխօսութեամբ Աբարեսիտաձի մեր Տիրամօր ձեզի ամէնուդ կու տամ իմ Առաքելական Օրհնութիւնս։







All the contents on this site are copyrighted ©.