2013-08-13 12:18:01

Հայկական Եկեղեցւոյ Հիմնադրամը Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութենէն Պահանջած Է Տրամադրել «Ազգութեան Ծածկագիրով» Հայերու Ցանկը


Թուրքիոյ Ս. Երից Մանկանց հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրամի տնօրէն Նազար Էօզսահակեան դիմած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան բնակչութեան եւ քաղաքացիներու հարցերով վարչութեան` տեղեկատուութեան ազատութեան մասին օրէնքին հիմամբ պահանջելով թիւ 2 ծածկագիրը կրող անձերու ցանկը:
Նազար Էօզսահակեան տեղեկացուցած է, որ իրենք եկեղեցւոյ հիմնադրամի ընտրութիւններուն համար կ՛ուզեն ունենալ Պոլսոյ շրջանին մէջ բնակող հայերու ցանկը:
«1923-էն մինչեւ հիմա բնակչութեան ցանկերուն մէջ հայ համայնքի ծածկագիրը 2-ն է, եւ այդ տուեալները կը գտնուին ձեր գերատեսչութեան մէջ: Պոլոճիքէօյի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ հիմնադրամի ընտրութիւնը հիմնականին մէջ տեղի կ՛ունենայ Սարըյեր շրջանի ընտրողներուն կողմէ: Սարըյերի մէջ բնակող հայ համայնքի ներկայացուցիչները մեր եկեղեցւոյ հիմնադրամի ընտրողներն են: Սակայն յառաջիկայ ընտրութիւնները մտադիր ենք իրականացնել նաեւ շրջանի տարածքէն դուրս` ընդգրկելով նաեւ մեր օրերուն Պոլսոյ մէջ բնակող ընտրողները, որպէսզի առաւել ժողովրդավարական ընտրութիւն կատարելու կարելիութիւն ունենանք: Այդ նպատակով, համաձայն տեղեկատուութեան մասին օրէնքին, կը խնդրենք տրամադրել թիւ 2 «ազգութեան ծածկագիրը» կրող հայ համայնքի ցանկը», ըսուած է դիմումին մէջ:
Յիշեցնենք, որ ամսուան սկիզբը բացայայտուած էր, որ Թուրքիոյ մէջ ոչ իսլամ ազգերու ներկայացուցիչները յատուկ թուային ծածկագիրով կը նշուին: Յոյներու ծածկագիրը 1-ն է, հայերունը` 2-ը, իսկ հրեաներունը` 3-ը:







All the contents on this site are copyrighted ©.