Զմմառու Վանքի միաբանները, գլխաւորութեամբ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի, կը
կանգնեն մատուռ մը 1940ին, որպէս յատուկ կայք հրաշագործ պատկերին: Որպէս երախտագիտութիւն
Ցաւագին Տիրամօր ցուցաբերած հրաշապատում պաշտպանութեան Վանքին եւ Միաբանութեան հանդէպ՝
իրենց ալեկոծ օրերուն մէջ, Ճարտարապետ Յարութիւն Աւետեանի կը յանձնուի գործի կատարումը:
Այսօր իսկ, բազմաթիւ արգադիր նուէրներ կը զարդարեն մատրան որմերը. Լուռ հրաշքներու անխօս
վկաներ: Ցաւագին Տիրամօր պատկերը ունի 48x56 չափ: Գործն է անյայտ արուեստագէտի մը:
Արուեստէ հասկցող ամէն անձ կը հիանայ անոր գեղարուեստական կատարելութեան վրայ: Նուէրն
է սպանցի կարդինալ Հայասէր Բելլուղայի, որ զայն խոստացաւ Աբրահամ Արծիւեանի տալ իր մահէն
ետք, մինչ Հռոմ կը գտնուէր 1742ին: Կարդինալը վախճանեցաւ 1743ին սկիզբները: Արծիւեան
թանկագին նուէրը իր հետ բերաւ Քրէյմի Անտոնեան վանքը: Անոր մահէն ետք, Յակոբ Պետրոս Բ.
իր հետ տարաւ «նոր Վանք» (այսպէս կը կոչուէր Զմմառի վանքը) որպէս յիշատակ Հիմնադիրէն
եւ շարունակութիւն Ս.Կոյսի պաշտպանութեան: «Արուեստի իսկական հրաշալիք մը: Նկարիչներ
հեռաւոր երկիրներէ, նոյնիսկ Եւրոպայէն եկած են այս գլուխ գործոցը տեսնելու համար: Անոնք
երկար ժամանակ հիասքանչ ու մագնիսացած մնացած են անոր առջեւ ծնրադիր: Կարելի չէ նկարագրել
եւ թուղթի յանձնել այն միստիք ու վերացնող զգացումը զոր մարդ կ՛ունենայ ի տես արուեստի
այս Հրաշալիքին»:
Այստեղ կ'արժէ արագ ակնարկով անդրադառնալ մեծ հրաշքներուն. 1802ին
կայծակը կը խորտակէ վանքի եկեղեցիին գմբեթը, ջախջախելով ամէն ինչ որ կը գտնուէր գմբէթին
տակ, եկեղեցիին մէջ: Անվթար կը մնայ միայն Պատրիարքական գահը, որուն վրայ զետեղուած էր
Տիրամօր պատկերը: Այդ օրէն սկսեալ, շուրջի բնակիչները զայն կը կոչեն «Կայծակի Աստուածածին»: Հրաշագործի
համբաւը, այդ օրերէն սկսած, հետզհետէ կը տարածուի նախ շրջակայքը, ապա ամբողջ Լիբանանը
եւ Լիբանանէն դուրս վայրերու մէջ: Զմմառու Տիրամայրը կը դառնայ անյոյս դատերու պաշտպան:
Բազմաթիւ հրաշապատում դէպքեր արձանագրուած են գրաւոր թէ բերանացի: Անոնցմէ մէջբերենք
հետեւեալները. 1938ին, Յունուար 25ին, Տոքթ. Թուֆիք Սալիպա, 42 տարեկան, ծանրապէս
վարակուած կրկին Թոքատապէ, երիկամնատապէ եւ սրտի դնդերատապէ, մահամերձ է: Ինը բժիշկներ
հիւանդին վիճակը կը յայտարարեն շատ վտանգաւոր: Հիւանդը մեծ հաւատքով կը դիմէ Զմմառի
Ս. Կոյսին: Յանկարծ ձեղունէն եկող շշուկ մը կը լսէ եւ բացատրութիւն կ՛ուզէ քովը կեցող
երկու հիւանդապահուհիներէն: Երբ քիչ մը ետք շշուկը կրկին կը լսուի, հիւանդը վեր նայելով
կը տեսնէ Տիրամայրը, ճիշդ Զմմառի պատկերին պէս, որ իրեն կ՛ըսէ – «Ես Զմմառի Տիրամայրն
եմ»: Ապա հիւանդին թեւէն բռնելով, կը յարէ. «Բժիշկները ըսին թէ դուն մահմերձ ես, բայց
ես պիտի չթողում որ դուն մերնիս: Դուն պիտի առողջանաս: Այլեւս դեղ առնելու պէտք չունիս:
Վաղն առաւօտ ջերմաստիճանդ պիտի իջնէ 38.5ի եւ Հաննա Էլ Հաճ Գերապայծառը քեզի այցելութեան
պիտի գայ»: Երկրորդ օրը հիւանդը բժշկուած է: