2013-08-13 11:37:00

«Աւետիք»-80՝ երթը անխափան պահելու առաջադրանքին վկայութիւնը


Լոյս տեսաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «ԱՒԵՏԻՔ» պաշտօնաթերթին 2012-ի երկրորդ թիւը որ կ՚ընդգրկէ Մայիսէն Օգոստոս երկարող շրջանը։
«Աւետիք»ին բովանդակութիւնը շտապ կամ առօրեայ լրատուութեան հետ կապ չունենալով (օրական լրատուութիւնը լաւապէս կը կատարեն հայ կաթողիկէ կայքէջերը), պաշտօնաթերթին՝ խմբագրութեան կամքէն անկախ պատճառներով հրատարակութեան ուշացումը անոր բովանդակութիւնը «ուշացած» կամ «ժամանակավրէպ» չեն դարձներ։ Որովհետեւ, «Աւետիք»ը լիբանանահայ գաղութի կարեւոր բաղկացուցիչներէն մէկուն՝ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ համայնքի կեանքի տարեգրութիւնը, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան, անոր հովանիին տակ գործող կառոյցներու, հեռաւոր ու մօտիկ թեմերու պատմականօրէն յիշարժան իրադարձութիւններու թղթածրարը ըլլալէ բացի, անոր մէջ ամփոփուած են ընդհանրապէս կաթողիկէ եւ մասնաւորաբար հա՛յ կաթողիկէ Եկեղեցիին վերաբերեալ քահանայապետական, առաքելական, վաւերագրական եւ պատմական կարեւորութիւն ներկայացնող եկեղեցագիտական, ծիսական, կրօնական, ուսումնասիրական, մատենագիտական, վերլուծական, վկայագրական ու վկայաբանական, յուշագրական ու հրապարակագրական գրութիւններ, ապա նաե՛ւ հայրապետական պատգամներ ու կոնդակներ, որոնք տարիներ ետք անգամ անոր էջերը թերթատողները լուսաբանելու կը ծառայեն։

1932-էն ի վեր Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ականաւոր դէմքեր եւ հեղինակութիւններ իրենց մատնահետքերը ձգած են անոր էջերուն վրայ՝ զանոնք դարձնելով արժէքաւոր ժառանգութիւն մը, որ կ՚երկարի ութսուն տարիներու վրայ։ Այսօր, 80-րդ տարուան երկրորդ հատորն է որ լոյս կը տեսնէ, Գերապայծառ Մանուէլ Եպս. Պաթագեանի նման վաստակաւոր մտաւորականներու կողքին միջին սերունդի եւ երիտասարդ հոգեւորականներու աշխատակցութեամբ։ Գնահատելի է այն ճիգը զոր այս վերջինները կը կատարեն այսօր՝ ջանալով դառնալ արժանաւոր յաջորդները Աթանասեաններու, Թէքէեաններու, Թերզեաններու, Ճուրեաններու, Աշգարեաններու։ Հոգեւորականներու երիտասարդ սերունդին համար իրական մարտահրաւէր մըն է ասիկա, մանաւանդ հաւատացեալ հասարակութեան մօտ հաւատքը վառ պահելու, զայն քրիստոնէական ու ազգային արժէքներով տոգորելու եւ իր արմատներուն կառչած պահելու, նորահաս սերունդներու քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեամբ օժտելու սահմանուած շարժումներ առաջնորդելու, անոնց հոգեմտաւոր զարգացման համար առողջ միջավայր ստեղծելու առաքելութեան զուգահեռ։ Երիտասարդ հոգեւորականներու այս ծանրաբեռն ու խիստ պատասխանատու աշխատանքը խթանելու կոչուած են եկեղեցական-համայնքային հրատարակութիւնները, որոնց առաջիններէն մէկն է «Աւետիք»ը։ Անոր երթը անխափան պահելու առաջադրանքին վկայութիւնն են պատրիարքական պաշտօնաթերթին 80-րդ տարուան օրինակները։


Ս. Ն.







All the contents on this site are copyrighted ©.