Կիրակի 11 օգոստոս 2013-ի կէսօրին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն
արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ
հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ:
Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով
օրուան սուրբ գրային ընթերցումները ընգծեց թէ «մարդուն իսկական գանձը Աստուծոյ սիրոյ
մէջ կը գտնուի: Ան է որ միացած կը պահէ ընտանիքը եւ իմաստ կու տայ կեանքին ու մեզ կ՛օգնէ
դիմագրաւելու դժուարութիւնները»:
Սրբազան Քահանայապետը հուսկ իր ճառին աւարտին,
Ռամատանի ամսուայ փակման առթիւ, յատուկ խօսք մը ուղղեց մահմետականներուն զանոնք որակելով
«մեր եղբայրները», վերահաստատելով հարկաւորութիւնը որ «քրիստոնեաներն ու մահմետականները
յանձնառումով աշխատին փոխադարձ յարգանքի ի նպաստ եւ այս ուղղութեամբ դաստիարակելով նաեւ
նոր սերունդը»:
Խորհրդծութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը վերյիշեց Ասսիզացի
Սրբուհի Պայծարը որուն տօնակատարութիւնը կը նշուի այսօր եւ որ «ամէն բան թողուց ինքզինք
Աստուծոյ նուիրագործելու աղքատութեան մէջ»: ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ հայցեց Սրբուհի Պայծարի
եւ Տիրամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի «մեզ օգնեն ապրելու համար օրուան աւետարանը, ամէն
մէկը իր կոչումին համաձայն:» Ապա ակնարկելով յառաջիկայ 15 օգոստոսի Աստուածամօր Վերափոխման
տօնին Սրբազան Քահանայապետը ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը