2013-08-12 11:25:48

Իսլամ Եղբայրներու Նստացոյցերու Ցրուումը Այսօր Առաւօտո՞ին Պիտի Սկսի. Պեպլաուի «Ահաբեկչութեան» Դէմ Պայքարին Մէջ Կառավարութեան Ամբողջական Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Բանակին


Եգիպտոսի ժամանակաւոր վարչապետ Հազեմ Պեպլաուի յայտնեց, որ եգիպտական կառավարութիւնը ամբողջական կերպով կը զօրակցի բանակին` վերջինիս «ահաբեկչութեան» դէմ մղած պայքարին մէջ:
Վարչապետի մամլոյ խորհրդական Շարիֆ Շաուքի ողջունեց «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին մէջ Սինայի զաւակներուն բանակին նկատմամբ ցուցաբերած աջակցութիւնը»:
Կառավարական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Պեպլաուի ներքին գործոց նախարար զօր. Մոհամետ Իպրահիմի հետ մնայուն կապի մէջ է` ծանօթանալու համար Գահիրէի Ռապիա Ատաուիա եւ Նահտա հրապարակներուն վրայ Մուրսիի համակիրներուն նստացոյցերը ցրուելու ջանքերուն:
Պեպլաուի պահանջած է նստացոյցերէն հեռանալ ուզող եւ «ձեռքերնին բռնարարքներով չաղարտած» անձերուն պաշտպանութիւն եւ փոխադրամիջոցներ տրամադրել:
Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ապահովական աղբիւրներ յայտնած են, թէ կը նախատեսուի, որ Գահիրէի Ռապիա Ատաուիա եւ Նահտա հրապարակներուն վրայ Իսլամ եղբայրներուն կազմակերպած նստացոյցերուն ցրուումը այսօր առտու սկսի:
իսլամներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ բախումներէ ետք, ապահովական մարմինները Տիապիա գիւղը շրջափակած են: Բախումներուն պատճառով քրիստոնեայ ընտանիքներու պատկանող չորս տուներ հրկիզուած են, երկու կողմերէն 10 վիրաւոր արձանագրուած է, ինչպէս նաեւ գիւղի եկեղեցին վնասուած է:
Միւս կողմէ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը շաբաթ օր հաղորդեց, որ եգիպտական իշխանութիւնները Գահիրէի օդակայանին մէջ ձերբակալած են Թուրքիայէն Եգիպտոս հասած երկու չեչեններ` մեկնելով այն կասկածներէն, թէ անոնք Քայիտայի անդամներ են:







All the contents on this site are copyrighted ©.