2013-08-12 12:30:05

Աղօթքի Հսկում Տիրամօր Վերափոխման Տօնին Նախօրեակին


Տիրամօր Վերափոխման տօնին առթիւ, Հռոմի Տիրամօր նուիրուած աւագ պազիլիքայի մէջ, տօնին նախօրեակը` 14 օգոստոսին, երկու ժամուայ աղօթքի հսկում կը կատարուի, գիշերուայ ժամը 20.30 - 22.30, որուն ընթացքին կը կատարուի ժամասացութիւն մը, ս. Գրային ընթերցումներ եւ Տիրամօր Վերափոխման նախատօնակի պատարագ։ Այս արարողութիւնը կ'եզրափակէ Հռոմի ''Սրբուհի Մարիամ Վիա Լադա'' եկեղեցւոյ մէջ կատարւոած աղօթքի 15-օրեան ի պատրաստութիւն Աստուածածնայ վերափոխման տօնին։ Վերոյշեալ արարողութեան ընթացքին կը կատարուին սաղմոսերգութիւններ, աղօթք եւ ս. Գրային ընթերցումներ ու կ'երգեցուին Տիրամօր նուիրուած յունական շարականներ հայող Աստուածամօր փառաւոր վերափոխման։ Աղօթքին ընթացքին հաւատացեալները կը խնդրեն Աստուածամօր բարեխօսութիւնը աշխարհի խաղաղութեան եւ Եկեղեցիներու միութեան համար, ինչպէս նաեւ Աստուածային օրհնութիւնը ընտանիքներու եւ մարդկային ամէն արարծի վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.