2013-08-10 11:09:26

Փախստականներու Եւ Գաղթականներու Ազգային Շաբաթ Փորթուկալի Մէջ։


Փորթուկալ - 11-18 Օգոստոս տեղի կ'ունենայ փախստականներու եւ գաղթականներու ազգային շաբաթը, ունենալով որպէս կէտնպատակ մօտէն շահագրգռուիլ աշխարհասփիւռ փորթուկալցիներուն։ Այս նախաձեռնութեամբ, 11 եւ 12 օգոստոսին, Փորթուկալի եկեղեցին ուխտագնացութիւն կը կազմակերպէ օտար հողի վրայ ապրող հայրենակիցներուն, հրաւիրելով Լուսեմպուրկի առաջնորդը գերապայծառ Հոլլերիչ պատարագ մատուցանելու ֆաթիմայի մարեմեան սրբավայրին մէջ։ Յայտնենք որ ուխտագնացութիւնը նուիրուած է յատկապէս անոնց որոնք երկրի տնտեսական ծանր տագնապին հետեւանքով պարտադիր եղած են այլ երկիրներ գաղթել։








All the contents on this site are copyrighted ©.