2013-08-10 08:34:13

Հայկական Յարանուանութեանց Հոգեւոր Առաջնորդներու Ժողովը Քննեց Հայութիւնը Յուզող Հարցեր


ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, Օգոստոս 7ին մասնակցութիւն բերաւ հայկական երեք յարանուանութեանց Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի հոգեւոր առաջնորդներու ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ, Պըրպենք։
Ժողովին կը մասնակցէին նաեւ հիւրընկալ առաջնորդը՝ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հոգեւոր հովիւ վեր. Յովսէփ Մաթոսեան։
Ժողովը կանգ առաւ մեր գաղութը յուզող հարցերու, ինչպէս նաեւ անմիջական ապագայի կարգ մը ծրագիրներու վրայ։ Խորհրդակցութեան նիւթ դարձան Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախապատրաստական միջոցառումները, Ապրիլ 24ի նշումը, Սուրիոյ հայութեան տագնապը եւ միացեալ ճիգերու կարօտող այլ հարցեր։ Քննարկուեցան նաեւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններն ու այդ ծիրին մէջ գործակցական հեռանկարները։
Ծանօթ է, որ Հայց. առաքելական եկեղեցին մաս կը կազմէ Միջին Արեւելքի Ուղղափառ եկեղեցիներու համախմբումին, որ իր կարգին կը հետեւի մեր շրջանի, ինչպէս նաեւ միջինարեւելեան երկիրներու զարգացումներուն։
Որոշուեցաւ այս հանդիպումները ունենալ կանոնաւոր պարբերականութեամբ։ Յաջորդ ժողովը՝ առաջնորդ Մարտիրոսեանի հրաւէրով, տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 23ին, Ազգ. առաջնորդարանին մէջ, Լա Քրեսենթա։








All the contents on this site are copyrighted ©.