2013-08-09 10:52:33

Սնոտըն «Կարտիըն»ին Փոխանցած Է Շուրջ 20,000 Գաղտնի Փաստաթուղթ


ԼՈՆՏՈՆ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթի լրագրող Կլեն Կրինուոլտ հաղորդած է, որ իր տրամադրութեան տակ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան շուրջ 20 հազար գաղտնի փաստաթուղթ, զորս իրեն յանձնած է ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց աշխատանքին մէկ մասը կատարող ոչ պետական ընկերութեան մը նախկին պաշտօնեան՝ Էտուըրտ Սնոտընը:
Նշենք, թէ Կրինուոլտն էր, որ սկսաւ հրապարակելու Էտուըրտ Սնոտընի բացայայտումները՝ Միացեալ Նահանգներու գաղտնի գործակալութեանց լրտեսական գործունէութեան տարողութեան մասին:







All the contents on this site are copyrighted ©.