2013-08-09 10:48:41

Լաւրով Կոչ Կ՛ընէ ՄԱԿին Դատապարտելու Սուրիոյ Մէջ Զանգուածային Սպանութիւնները


ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Օգոստոս 7ին ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ըրաւ դատապարտելու ահաբեկչական արարքներն ու զանգուածային սպանութիւնները, որոնք կը գործադրուին խաղաղ բնակիչներու, մասնաւորաբար Սուրիոյ քիւրտերուն նկատմամբ:
Յիշեցնենք, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ սպաննուած էին 450 քիւրտեր, որոնցմէ աւելի քան 100ը՝ երեխայ: Այդ զանգուածային մահապատիժին ետին կանգնած էին ծայրայեղ իսլամական խմբաւորումներ: Լաւրով նշեց, որ զինեալները հրահրելը օգուտ կը բերէ միայն ահաբեկիչներուն, որոնք կ՛ուզեն հանրապետութեան մէջ «իսլամական խալիֆայութիւն» ստեղծել:
Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի նշեց, թէ կառավարութիւնը յոյս չունի, որ «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովը պիտի կարենայ լուծել Սուրիոյ տագնապը, որովհետեւ առանց ահաբեկչութեան վերջ տալու՝ կարելի չէ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծում մը գտնել: Ան յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է այդ խորհրդաժողովին մասնակցիլ՝ ընդառաջելով Սուրիոյ բարեկամներուն փափաքին: Հալքի ըսաւ, որ «լուծումը սուրիացի ժողովուրդին ձեռքն է՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի յայտարարած նախաձեռնութեան ծիրին մէջ», որ նշեալ խորհրդաժողովին չի հակասեր:
Մինչ այդ, Փարիզի մէջ դիւանագիտական լաւատեղեակ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» թերթին յայտնած են, որ Ուաշինկթըն կը ծրագրէ «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովը իրականացնել Սեպտեմբեր ամսուան երկրորդ կիսուն, Նիւ Եորքի մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.