Օպամա Ռուսիոյ Մէջ «Քսաններու» Ժողովին Իր Մասնակցութիւնը Կը Հաստատէ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնած է, որ սեպտեմբերին պիտի այցելէ Ս. Փեթերսպուրկ`
մասնակցելու համար «Քսաններու խմբակի» ժողովին, սակայն չէ յայտնած, թէ Ռուսիոյ նախագահ
Վլատիմիր Փութինի հետ երկկողմ հանդիպում պիտի ունենա՞յ, թէ՞ ոչ: Ճէյ Լենոյի յայտագիրին
հիւրն ըլլալով Օպամա յայտարարած է, որ հիասթափուած է ռուսական իշխանութիւններու` «Սի.Այ.Էյ.»-ի
նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընի ժամանակաւոր ապաստան տրամադրելու որոշումէն, սակայն
այդ իրողութիւնը չէ ազդած վեհաժողովին մասնակցելու իր որոշումին վրայ: Օպամա յայտարարած
է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան առաւել արդիւնաւէտ համագործակցութեան հարցին
մէջ որեւէ խոչընդոտ չունին: «Ռուսերը երբեմն Պաղ պատերազմի մտածելակերպին եւ մտայնութեան
կը վերադառնան», ըսաւ Օպամա եւ խօսքը Փութինին ուղղելով աւելցուց. «Ատիկա անցեալ է, եւ
պէտք է ապագային մասին մտածենք, որեւէ արգելք չկայ, որ մեզի աւելի արդիւնաւէտօրէն գործակցիլ
կ՛արգիլէ»: Երեքշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր
Ճեն Փսաքի հաստատած էր, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու եւ պաշտպանութեան
նախարարներու ուրբաթ օր Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ: