2013-08-08 11:09:23

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Հաշտութեան Եւ Անկեղծ Զրոյցի Երկխօսութիւն Մը Կատարելու


Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:
Նիստէն ետք մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութիւնը խստիւ դատապարտեց լիբանանեան բանակին դէմ կատարուած ցեխարձակումներն ու գործուած ոտնձգութիւնները:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը շեշտեց, որ բանակը իր ազգային պարտականութիւնը կատարելու գինը շատ սուղ կը վճարէ:
Մարոնի եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին վերջ տալու զինեալ արարքներուն եւ ամրապնդելու երկրին գերիշխանութիւնը, որ նաեւ լիբանանցի քաղաքացիներուն արժանապատուութիւնն է:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ընդգծեց, որ լիբանանեան պետութիւնը իր նուազագոյն պարտականութիւնները կատարելու անկարող է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է հաշտութեան եւ անկեղծ զրոյցի երկխօսութիւն մը կատարել:
Խորհուրդը կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ամրապնդել երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական նոր օրէնք մը, որ արդար ներկայացուցչութիւն ապահովէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն:
Ֆիթրի տօնին առիթով Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը շնորհաւորեց իսլամ համայնքը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց կարգաւորելու Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն կացութիւնը:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը լիբանանցիները շնորհաւորեց նաեւ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով եւ քրիստոնեայ համայնքը հրաւիրեց մասնակցելու այդ առիթով տեղի ունենալիք պատարագներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.