«Հայ-հնդակական Բարեկամութիւն» հասարակական կազմակերպութեան աշխատանքներով՝ Օգոստոս 9-15
Տաւուշի մարզի մէջ պիտի մեկնարկէ «Հնդկական մշակոյթի օրեր» ձեռնարկը` նուիրուած Հնդկաստանի
Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 67-րդ տարելիցին: «Հնդկական մշակոյթի օրեր» ծրագիրը
կը ներառէ հետեւեալ ձեռնարկները` 1. «Հնդկաստանը հայերու աչքերով» թեմայով լուսանկարներու
ցուցահանդէս, 2. «Հնդկաստանի առեղծուածային անդրադարձումները» հայ նկարիչներ Վարդան
Աւետեանի եւ Վլատիմիր Սիմոնեանի գեղանկարներու ցուցահանդէս 3. «Հնդկական շարժանկարներու
շաբաթ Տաւուշի մարզին մէջ»: Ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ
Իջեւանի «Վերնատուն» պատկերասրահին մէջ Օգոստոս 9-ին ժամը 15:00-ին եւ անիկա պիտի շարունակուի
մինչեւ Օգոստոս 15: Իջեւանի քաղաքային մշակոյթի տան մէջ պիտի իրականացուի «Հնդկական
շարժանկարներու շաբաթ Տաւուշի մարզին մէջ» ծրագիրը, պիտի ցուցադրուին հնդկական բազմաժանր
շարժանկարներ (ռուսերէնով): Ձեռնարկներուն նպատակն է մէկտեղել հայ-հնդկական յարաբերութիւններով
հետաքրքրուած մարզի բնակիչները` միասին տօնելու հնդիկ ժողովուրդին համար շատ կարեւոր
այս տօնը: Ձեռնարկի պատուաւոր հիւրերն են Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի Հանրապետութեան
արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Դոկտոր Սուրեշ Պապուն, ՀՀ Տաւուշի մարզպետ պրն Ա. Ղուլարեանը
եւ Իջեւանի քաղաքապետ պրն Վ. Ղալումեանը: Ձեռնարկի աջակիցներն են Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի
դեսպանատունը, Իջեւանի քաղաքապետարանը եւ Իջեւանի գինիի-քոնեակի գործարանը: