2013-08-07 11:49:56

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Պատգամը ''Միսիոնարական Համաշխարհային 87րդ Օրուայ'' Առթիւ։


Միսիոնարական համաշխարհային 87րդ օրուայ առթիւ, որ պիտի նշուի յառաջիկայ 20 հոկտեմբերին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր հրատարակած պատգամին մէջ, հաւատացեալներուն կը ներկայացնէ խորհրդծութեան մի քանի նիւթեր մեկնելով ''հաւատքի տարիէն'' եւ հաւատքի թանկագին պարգեւէն զոր մեզի շնորհուած է ''Աստուծմէ եւ որուն միջոցաւ մեր մտքերը կը բացուին ու կարող կ՛ըլլանք զինք սիրելու։''

Հաւատքը քիչերու վերապահուած պարգեւ մը չէ - կը գրէ Քահանայապետը - այլ անվերապահ նուիրուած է բոլորին։ Աստուած մեզ կը սիրէ եւ հարկ է որ ամէն մէկը փորձարկէ Աստուծոյ սէրը եւ փրկութեան ուրախութիւնը։ Հաւատքը պարգեւ մըն է որ կարելի չէ մենք մեզի վերապահել այլ հարկ է զայն կիսել ուրիշներուն հետ։ Եթէ զայն նկատենք միայն մեր սեփականութիւնը կը դառնանք կղզիացած քրիստոնեաներ, անպտուղ եւ հիւանդ։ Ամէն մէկ հասարակութիւն ''հասուն'' է երբ կը դաւանի հաւատքը ու զայն կ՛ապրի ուրախութեամբ` ծէսին մէջ, կ՛ապրի ողորմութիւնը եւ անդադար կը հռչակէ Աստուծոյ Խօսքը զայն տանելով աշխարհի ''արուարձաններուն'' նա մանաւանդ անոնց որ կարողութիւնը չունին ճանչնալու Քրիստոսը։ Մեր հաւատքի ուժը կարելի է չափել զայն ուրիշներու փոխանցելու մեր կարողութենէն, զայն ապրելով սիրոյ մէջ, ու զայն վկայելով անոնց որոնք կը կիսեն մեր կեանքի ճանապարհորդութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի 50րդ տարեդարձի առթիւ հռչակուած ''Հաւատոյ Տարուայ'' վրայ որ ''խթան մըն է համայն Եկեղեցւոյ համար գիտակցելու ժամանակակից աշխարհի մէջ իր առաքելութեան։ Առաքելութիւնը միայն տարածային հարց մը չէ այլ ազգերու, մշակոյթներու եւ անհատներու հարց մըն է որովհետեւ ինչպէս հաստատեց Վատիկանեան Տիեզեական Բ ժողովը` հաւատքի տարածման միսիոնարական պարտականութիւնը տրուած է ամէն ''մկրտեալի'' եւ քրիստոնեայ բոլոր հասարակութիւններուն....բոլորս հրաւիրուած ենք քալելու մեր եղբայրակիցներուն հետ միասին, դաւանելով եւ վկայելով Քրիստոսի հանդէպ մեր ունեցած Հաւատքը։

Յաճախ ''աւետարանութեան'' գործը արգելքներու կը հանդիպի։ Հաճախ կը նուազի եռանդը, ուրախութիւնը, քաջութիւնը, յոյսը ` բոլորին յայտարարելու Քրիստոսի պատգամները եւ ժամանակակից մարդիկը օգնելու` հանդիպելու Անոր հետ ։
Շատ անգամ կը կարծենք թէ Աւետարանի ճշմարտութիւնը քարոզելը ազատութիւնը կը բռնաբարէ։ Պօղոս Զ. Քահանայապետը այս մասին լուսաւոր խօսքեր ունի. ''մեծ սխալ է բան մը պարտադրել մեր եղբայրակիցներուն խղճին սակայն աւետարանի ճշմարտութիւնը եւ Յիսուս Քրիստոսի փրկութիւնը յստակութեամբ առաջարկելը, յարգելով ամէն մէկուն ազատ կամքը, մեծարանք է ազատութեան։ Թէեւ երբեք պէտք չենք մոռնալ որ կարելի չէ Յիսուսը աւետել առանց Եկեղեցւոյ, որովհետեւ ինչպէս կ՛ըսէր միշտ Պօղոս Զ Քահանայապետը` իւրաքանչիւր աւետարանիչ առանձին չէ այլ մաս մըն է Մէկ Մարմնի որ Սուրբ Հոգիով տոգորուած է։


Որպէս չորրոդ խորհրդածութեան նիւթ Սրբազան Քահանայապետը կ՛անդրադառնայ ''ընկերայն արդի հաղորդակցութեան միջոցներուն'' որուն միջոցաւ կարելի դարձաւ ազգեր ու ժողովուրդներ իրար զիրար մօտեցն թէեւ շատեր տակաւին առիթը չ՛ունեցան ճանչնալու Քրիստոսը ինչպէս նաեւ շատ մը հաւատացեալներ, տարբեր ճամբաներ ընտրած են ապրելու իրենց հաւատքը եւ կարիքը ունին նոր աւետարանացումի։

Կ՛ապրինք տագնապալից ժամանակաշրջան մը որ կ՛ընդգրկէ էութեան զանազան ասպարէզները, ոչ միայն տնտեսականը, ֆինանսականը կամ ուտեստեղէնի ապահովութիւնը այլ նաեւ կեանքի հիմնական արժէքները։ Այս դժուար իրողութեան դիմաց աւելիով անհրաժեշտ է Քրիստոսի Աւետարանը քաջութեամբ տանիլ ամէնուրեք։ Աւետարանը որ է յոյսի յայտարարութիւն, համերաշխութիւն, հաղորդութիւն, Աստուծոյ մօտիկութիւն, Անոր ողորմութեան, փրկութեան, եւ սիրոյ զօրութեան հռչակումը որ կարող է փառատել չարը ու մեզ առաջնորդել բարիի ճանապարհով.
Ժամանակակից մարդը պէտք ունի ապահով լույսի որ լուսաւորէ իր ճանապարհը եւ որ միայն Քրիստոսի հետ հանդիպումը կարող է ապահովել։

Սրբազան Հայրը հուսկ դարձեալ հաստատեց թէ ''Եկեղեցին բարեգործական հաստատութիւն մը չէ, ընկերութիւն մը չէ կամ ալ կազմակերպութիւն մը, այլ անհատներու հասարակութիւն մըն է տոգորուած Սուրբ Հոգիով որ ապրած է ու կ՛ապրի Յիսուս Քրիստոսի հետ հանդիպումի զարմանքը եւ որ կը փափաքի կիսել խոր ուրախութեան այս փործառութիւնը ինչպէս նաեւ Տիրոջ մեզի բերած փրկութեան պատգամը։

Հինգերորդ կէտին մէջ ֆրանչիսկոս Պապը քաջալերեց բոլոր Քրիստոսի բարի լուրը աւետողները, յատկապէս առաքելական կեանքի նուիրուողները ու զանոնք յորդորեց ''վեհանձնութեամբ համապատասխանել Քրիստոսի հրաւէրին '' Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը'' ։

Իր պատգամի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց Քահանայապետական Բարեգործական հաստատութիւններուն'' ու քրիստոնեայ եղբայրակիցներուն` որոնք դժուարութեան մէջ կ՛ապրին աշխարհի զանազան վայրերու մէջ։ ''Քաջ վկաներ են անոնց - յարեց Սրբազան Հայրը - որոնցմէ շատերը իրենց կեանքը կը վտանգեն հաւատարիմ մնալու համար Քրիստոսի Աւետարանին։ Կ՛ուզեմ իմ մօտիկութիւնս եւ աղօթքս ապահովցնել բոլորին, ընտանքներուն եւ հասարակութիւններուն որ անհադրժողութեան եւ բռնութեան զոհ են անոնց կրկնելով Յիսուսի քաջալերական խօսքերը '' Քաջութիւն ես յաղթեցի աշխարհին''։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամը եզրափակեց Պենետիկտոս ԺԶ-ի յորդորով '' Թող այս հաւատոյ տարին աւելիով ամրապնդէ մեր կապը Քրիստոսի հետ որովհետեւ միայն Անոր մէջն է ապագայի ապահովութիւնը եւ իսկական ու մնայուն սիրոյ երաշխիքը։ '' Ահա այս է միսիոնարական օրուայ այս տարուայ իմ մաղթանքս'' գրեց ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամի աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.