Քաշաթաղի Մէջ Սուրիահայերու Վերաբնակեցման Համար Նոր Բնակարաններ Կը Կառուցուին
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանին մէջ սուրիահայերու համար նոր բնակարաններ
ու առանձնատուներ կը կառուցուին: Քաշաթաղի շրջանի վերաբնակեցման վարչութեան պետ Ռոպերթ
Մաթեւոսեանը, որ դիտել տուած է, թէ բնակարանները կը կառուցուին Իշխանաձորի, Կովսականի
եւ Բերձորի շրջաններուն մէջ: «Կովսականի մէջ արդէն կայ 12 բնակարան ունեցող մէկ շէնք
եւ 4 առանձնատուն, ուր արդէն կ՛ապրին սուրիահայեր: Մէկ առանձնատուն ունինք Իշխանաձորի
մէջ եւ 3 բնակարան` Բերձորի մէջ: Այս պահուն Կովսականի ու Իշխանաձորի մէջ կը շարունակուին
մէկական բազմաբնակարան շէնքերու, իսկ Բերձորի մէջ` 2 առանձնատուներու կառուցումը», յայտնած
է Մաթեւոսեանը` տեղեկացնելով, որ բնակարաններն ու առանձնատուները կառուցուած են տարբեր
կազմակերպութիւններու` «Թուֆենկեան» հիմնարկի, «Օգնիր եղբօրդ» ծրագիրի եւ այլ ծրագիրներու
աջակցութեամբ: Արդէն 80 տոկոսով պատրաստ է Կովսականի մէջ կառուցուող բազմաբնակարան
շէնքը, ուր ներկայ դրութեամբ կը կատարուին ներքին յարդարման աշխատանքներ: Իշխանաձորի
շէնքը պատրաստ է 50-60 տոկոսով, իսկ Բերձորի բնակելի շէնքը դեռ նոր սկսած է կառուցուիլ:
Քաշաթաղի վերաբնակեցման վարչութեան պետը հաստատած է, որ բոլոր շէնքերն ալ այս տարի անպայման
կը բնակեցուին: «Բնակարաններուն ապագայ բնակիչները արդէն տեղաւորուած են այդ վայրերուն
մէջ. անոնք առայժմ կ՛ապրին պանդոկի մէջ, որ կը գտնուի վարչակազմի տրամադրութեան տակ:
Մէկ մասն ալ հարազատներուն հետ կ՛ապրի: Օրինակ` ընտանիք մը, որն արդէն ունի բնակարան,
կ՛ապրի եղբօր ընտանիքի հետ, որ կը սպասէ իր բնակարանի պատրաստ ըլլալուն», բացատրած է
Մաթեւոսեանը: Իշխանաձորի մէջ հաստատուած սուրիահայ բնակիչները արդէն սկսած են զբաղելու
գիւղատնտեսութեամբ: Անոնք տեղափոխուած են Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքէն, ուր եւս հողագործութեամբ
կը զբաղէին: Կովսականի մէջ կայ բժիշկներու ընտանիք մը, որուն անդամները կ՛աշխատին տեղւոյն
հիւանդանոցին մէջ: Իսկ Բերձորի մէջ բնակողներուն հիմնական մասը արհեստաւորներ են, որոնք
համապատասխան աշխատանք կրցած են գտնել: «Բոլոր անոնք, որոնք աշխատելու ցանկութիւն ունին,
անպայման կ՛աշխատին, մենք անոնց կ՛օժանդակենք: Պետական կառոյցին մէջ աշխատիլ ցանկացողները
նոյնպէս կ՛ունենան այդ հնարաւորութիւնը: Ճիշդ է, աշխատավարձը շատ աւելի ցած է, քան Սուրիոյ
մէջ ստացած են, սակայն անոնց նկատմամբ վերաբերմունքը շատ լաւ է: Անոնք բաւական ազգասէր
մարդիկ են, պահպանած են ազգային աւանդութիւնները: Մենք ալ իրենցմէ բան ունինք սորվելիք`
աշխատասիրութիւնն ու աւանդապահութիւնը», նշած է Քաշաթաղի շրջանի վերաբնակեցման վարչութեան
պետը` կատակելով, որ Քաշաթաղի մէջ ապրելու սուրիահայերուն փափաքը շատ մեծ է, քանի որ
անիկա հայոց աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր տարածքն է: