2013-08-07 11:03:44

Փոխհրաձգութիւն Թուրքիա-Սուրիա Սահմանին. Կան Վիրաւորներ


Թուրքիա-Սուրիա սահմանին՝ Ռեյհանլը բնակավայրի մօտ, վառելիքի մաքսանենգներու եւ թուրք զինուորներու միջեւ տեղի ունեցած փոխհրաձգութեան հետեւանքով 8 խաղաղ բնակիչ վիրաւորուած է, այս մասին կը յայտնէ tert.am-ը վկայակոչելով թրքական “Անատոլու” գործակալութիւնը:
Կ’ենթադրուի, որ բնակիչներէն ոմանք փորձած են օգնել մաքսանենգներուն, որուն ընթացքին կռիւ սկսած է: Այդ ընթացքում զինուորները նախազգուշական կրակոցներ արձակած են:
Միջադէպի հետեւանքով վիրաւորուած է 8 մարդ, որոնցմէ մէկը` երեխայ: Անոնցմէ 4-ը տեղափոխուած են Ռեյհալնըի հիւանդանոց:
Որոշ գիւղացիներ պնդած են, որ փոխհրաձգութեան ընթացքին գնդակներ հասած են տուներու եւ մեքենաներու ուղղութեամբ







All the contents on this site are copyrighted ©.