2013-08-07 11:03:59

Մարաթուկի Եկեղեցին Պիտի Վերանորոգուի


Սասնոյ շրջանը գտնուող Մարաթուկ լերան Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին պիտի վերանորոգուի:
Սասնոյ հայերու միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը նոյն կայքին յայտնած է, որ եկեղեցին վերականգնելու նպատակով, Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութենէն արտօնութիւն ստացած են:
«Արտօնութիւնը ստանալէ ետք, առանց ժամանակ կորսնցնելու՝ սկսանք վերանորոգման աշխատանքներուն: Նախ պէտք է վերանորգել դէպի եկեղեցի տանող ճանապարհը: Երբ եկեղեցին վերանորոգուի, վստահ ենք, որ աշխարհի 4 ծայրերէն զբօսաշրջիկներ պիտի այցելեն», ըսած է Տաղճը:
Նշենք, որ Մարաթուկ լերան գագաթին (2973 մեթր) գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երդիքը եւ մուտքի մէկ հատուածը 2012ին քանդուած էին անյայտ չարագործներու կողմէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.