Իսրայէլ Պաղեստինցի Բանտարկեալներու Առաջին Խմբակը Ազատ Պիտի Արձակէ 13 Օգոստոսին
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ պաղեստինցի աւագ բանագնաց Սաէպ Օրէյքաթ լրագրողներուն յայտնած
է, որ Իսրայէլ նախատեսուած 104 պաղեստինցի բանտարկեալներէն 26-ը ազատ պիտի արձակէ 13
օգոստոսին: Ըստ անոր, բանտարկեալներու ազատ արձակման յաջորդ օրը տեղի պիտի ունենայ
պաղեստինեւիսրայէլեան դէմ առ դէմ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը` եւրոպական երկրի մը
տարածքին: Նշենք, որ իսրայէլացի բանագնաց, Իսրայէլի արդարադատութեան նախարար Ցիփի Լիվնի
յայտարարած էր, որ երկու կողմերուն միջեւ բանակցութեան յաջորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ
Իսրայէլի մէջ, իսկ ատկէ ետք` Պաղեստինի մէջ, եւ այդ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին
երկու երկիրներուն մէջ` նոյն հերթականութեամբ: Օրէյքաթ յայտնած է, որ Իսրայէլ համաձայն
չէ գտնուած բոլոր 104 բանտարկեալները միաժամանակ ազատ արձակելու, ուստի անոնց ազատ արձակումը
տեղի պիտի ունենայ չորս հանգրուաններով: Բանտի մէջ քսան տարի անցուցած 104 բանտարկեալները
ազատ արձակելու մասին որոշումը Իսրայէլի կառավարութիւնը տուած էր 28 յուլիսին` իբրեւ
Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն առաջ բարի կամեցողութեան դրսեւորում: