2013-08-06 11:31:00

Թուրք Երեսփոխանը «Ազգութեան Ծածկագիրներու» Վերաբերեալ Էրտողանէն Բացատրութիւն Պահանջած Է


Թուրք երեսփոխան, ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ներկայացուցիչ Սեզկին Թանրըքուլու հարցապնդում ներկայացուցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին` «ազգութեան ծածկագիրներու» առնչութեամբ պաշտօնական տեղեկութիւն պահանջելով:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Թուրքիոյ մէջ բնակող յոյներու ծածկագիրը «1» է, հայերունը` «2», իսկ հրեաներունը` «3»:
«Այդ ծածկագիրները մինչեւ հիմա ինչո՞ւ գաղտնի պահուած են: Փոքրամասնութեան ներկայացուցիչներու հաւատքի եւ ազգութեան մասին տեղեկութիւնները արձանագրուա՞ծ են: Անոնք միայն կրթութեան նախարարութեան կողմէ՞ կ՛օգտագործուին, թէ՞ բոլոր հոլովոյթներուն մէջ` ոստիկանութեան, դատարաններուն, հետախուզութեան եւ կալուածոց վարչութեան մէջ», հարցուցած է երեսփոխանը:
Թանրըքուլու նաեւ հարց տուած է, թէ ո՞ր օրէնքին վրայ հիմնուելով սկսած են նման միջոցառում որդեգրել:
Տակաւին յստակ չէ, թէ Թուրքիոյ մէջ բնակող իսլամ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները արդեօք ծածկագիր ունի՞ն, թէ՞ ոչ:








All the contents on this site are copyrighted ©.