2013-08-06 09:11:29

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ


Երկուշաբթի, 5 օգոստոս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Հոգեւոր Տէրը հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի Մայր Եւդոքսիա Քէշիշեանը եւ վարչութեան անդամներ՝ քոյր Անայիս Գրըքեանը եւ քոյր Ռիթա Զապարեանը: Հայ Քոյրերու պատուիրակութիւնը ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ տեղեկացուց միաբանութեան տարեկան ութնօրեայ ներանձնութեան մասին, որ տեղի ունեցաւ 28 յուլիսէն 4 օգոստոսին, Միաբանութեան Զմմառու վանքին մէջ, մասնակցութեամբ Եգիպտոսէն, Պարսկաստանէն, Սուրիայէն եւ Հռոմէն ժամանած քոյրերու:
Ներանձնութեան քարոզիչն էր գերյարգելի հայր Եղիա ծ.վ. Եղիայեան, իբրեւ նիւթ ունենալով «Տէրունական աղօթքը՝ ողնայար կրօնաւորական կեանքի»:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ուրախութեամբ տեղեկացաւ հայ քոյրերու հոգեւոր կեանքին հայող ծրագիրներուն եւ գնահատեց միաբանութեան եկեղեցանուէր, ազգանուէր եւ յատկապէս կրթանուէր գործունէութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.