2013-08-05 10:28:31

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Կիրակնօրեայ ''Հրեշտակ Տեառն '' Մարեմեան Աղօթքը` Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրը Ճանապարհորդութեան Հանգրուան Է Եւ Ոչ Թէ Անցողական ''Կրակավառութիւն''։


Կիրակի 4 օգոստոսի կէսօրին, Սրբազան Քահանայապետը ''Հրեշտակ Տեառն '' մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն, ս. Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն ներկայութեամբ։

''Հրեշտակ Տեառն '' մարեմեան աղօթքէն առաջ Իր կատարած խորհրդածութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը վերակոչեց Պրազիլ` Ռիօ ՏԷ ժանէյրօ կատարած առաքելական այցելութիւնը, մաղթելով որ երիտասարդութեան համաշխարհային օրերէն վերադարձած երիտասրադները դիմադրեն ընկերութեան մէջ տիրող ունայնութեան` ընկերութիւն մը հիմնուած` շահի ու ստացուածքի վրայ։

Խօսքը ուղղելով ներկաներուն Սրբազան Քահանայապետը խնդրեց որ հետը աղօթեն որպէսզի երիտասարդները որ մասնակցեցան Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն կարողանան թարգման հանդիսանալ իրենց ունեցած փորձառութեան իրենց առօրեայ կեանքին մէջ, եւ զայն իրագործեն կեանքի կարեւոր որոշումներու ընդմէջէն։

Երիտասարդները մասնաւորապէս զգայուն են կեանքի նշանակութեան ու արժէքներու ''պարապութեան'' որ զիրենք կը շրջապատէ եւ դժբախտաբար զոհ են անոնց հետեւանքներուն։ Մինչ Յիսուսի հետ հանդիպումը, անոր ընտանիքէն ներս որ է Եկեղեցին, սրտերը կը լեցնէ ուրախութեամբ որովհետեւ զանոնք կը լեցնէ իսկական կեանքով որ անցողական չէ։ Այս ի յայտ եկաւ երիտասարդներու դէմքերէն։

Պէտք չենք մոռնալ յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը որ ''Այդ օրերը չեղան ''կրակավառութիւն մը'', այլ երկար ճանապարհորդութեան հանգրուան մը որ սկիզբ առած էր 1985-ին ՅՊԲ քահանայապետի ձեռնարկով։ Ան երիտասարդներուն յանձնեց խաչը ու անոնց ըսաւ` Գացէք եւ ես ձեր հետն եմ։ Ու այսպէս ալ եղաւ։

Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերու խանդավառութենէն ետք, այդ փորձառութիւնը պէտք է դիմադրէ առօրեայ ունայնութիւնը, որ շահի ու ստացուածքի վրայ հիմնուած ընկերութիւններու մէջ կ'աշխատի օրերել երիտասարդները սպառապաշտութեան ցնորքով։ Անհեթեթ է հիմնել երջանկութիւնը ինչքի վրայ, ճշմարիտ հարստութիւնը կը հիմնուի Աստուծոյ սիրոյն վրայ, ապրուած եղբայրներուն հետ։ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս հաստատեց որ երիտասարդները չեն հետեւիր Քահանայապետին այլ Յիսուս Քրիստոսի։ Քահանայապետը զանոնք կ'առաջնորդէ ու անոնց կ'ընկերանայ հաւատքի ճամբուն վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա Պրազիլի ժողովուրդին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց, անոր ցուցաբերած հիւրասիրութեան համար, ու զայն որակեց որպէս ''վեհանձն ժողովուրդ'', նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք ի գին զոհողութիւններուն մասնակցեցան Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն։

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Հայրը յիշեցուց որ 5 օգոստոսը տօնն է ''Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն'' ս. Կոյս Մարիամին, որուն սրբանկարը կը գտնուի Տիրամօր աւագ պազիլիքային մէջ։ Ան ապա ներկաներէն խնդրեց որ հետը ''Ողջոյն քեզ Մարիամ'' աղօթքը արտասանեն, հուսկ բարի կիրակի մաղթեց բոլորին







All the contents on this site are copyrighted ©.