2013-08-05 10:15:08

Քահանայից Տարեկան Հոգեւոր Կրթութիւն Զմմառու Դարաւոր Վանքին մէջ


Օգոստոս ամսուայ ընթացքին՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը կը յիշատակէ Զմմառու դարաւոր Մայրավանքին անուանակոչութեան տօնը` Սրբոյ Կուսին Մարիամու Վերափոխումը, որ մեծ շուքով կը տօնախմբուի ամէն տարի։
Այս առթիւ Լիբանանի Արծիւեան Միաբանութիւնը կը տեղեկացնէ թէ աւանդութիւն է վերոյիշեալ տօնի նախօրեակին՝ որ կղերական դասը համախմբուի երրօրեայ ամփոփումով, ըստ Զմմառու Միաբանութեան Կանոնագիրքի Բ. Գլուխ, Յօդուած 28-ի:
Առ այդ յառաջիկայ օգոստոս 14,15 եւ 16-ին, Հայ կաթողիկէ կղերական դասը հրաւիրուած է Զմմառու Վանքին մէջ կատարելու տարեկան Հոգեւոր կրթութիւնը:
Յայտնենք թէ Վերափոխման տօնին օրը, միշտ ըստ աւանդութեան, վանքիս գլխաւոր հրապարակին վրայ՝ բացօթեայ և վրանածածկ խորանի վրայ Հայրապետական Ս. Պատարագ կը մատուցուի և Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը կը կատարուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.