2013-08-05 10:05:08

Պոլսոյ Մէջ Ցուցարարներու Եւ Ոստիկանութեան Միջեւ Բախումներ


Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասէն դէպի Թաքսիմի հրապարակ քայլարշաւ կատարող թուրք ցուցարարներու եւ իրենց երթը արգելակած ոստիկանութեան միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են:
Պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ ցուցարարները քարեր եւ պայթուցիկներ օգտագործած են ոստիկանութեան դէմ, որ իր կարգին հակադարձած է օգտագործելով ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազեր:
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Ռոյթըրզ»-ին, կը հաղորդէ, որ շաբաթ օր եւս թրքական ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործած է Թաքսիմ հրապարակին վրայ ցուցարարներուն հաւաքը ցրուելու համար:
Ընդդիմադիր խմբակներ նախօրօք յայտարարած էին, որ կը պատրաստուին շաբաթ օր ցոյց կատարելու Թաքսիմ հրապարակին վրայ, ինչին պատճառով ալ ոստիկանները հերթապահութիւն կը կատարէին քաղաքի կեդրոնին մէջ:
Լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ ցուցարարները չեն յաջողած մեծ խումբեր հաւաքել:








All the contents on this site are copyrighted ©.