2013-08-03 08:23:44

Սփիւռքահայ Լրագրողներն Ու Երիտասարդ Առաջնորդները Այցելեցին Նախագահի Նստավայր


Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-ի սփիւռքի լրագրողներու եւ երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացներուն մասնակիցները, որոնց կարգին «Ազդակ»-ի աշխատակից Մարինա Համամճեանը, 1 օգոստոսին այցելած են Հայաստանի նախագահի նստավայր: Անոնք ընդունուած են նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանի կողմէ:
Կարեւոր նկատելով հայրենիք-սփիւռք կապի աշխուժ զարգացումը` Վ. Սարգսեան նշած է, որ հանրապետութեան նախագահը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ այդ յարաբերութեան: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան եւ տնտեսական աճի խթանման, հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան զարգացման, սփիւռքի ներուժի յայտնաբերման եւ հայրենիքի մէջ համարկման հիմնախնդիրները: Նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը պատասխանած է մասնակիցներուն հարցումներուն:
Այցելութեան ընթացքին սփիւռքահայ լրագրողներն ու երիտասարդները ճանաչողական շրջագայութիւն կատարած են նախագահական նստավայրին մէջ, ծանօթացած են նախագահին կողմէ պետական եւ պաշտօնական հանդիպումներու եւ ընդունելութիւններու կազմակերպման արարողակարգին, երկրի պետական կառավարման բարձրագոյն կառոյցի` նախագահական հիմնարկի կառուցուածքին, գործունէութեան եւ նշանակութեան:
Լրագրողներուն եւ առաջնորդներուն համար ցուցադրուած է ճանաչողական տեսերիզ` Հայաստանի պետական կառավարման համակարգին, նախագահի նստավայրին, Հայաստանի սահմանադրութեամբ սահմանուած կարգով հանրապետութեան նախագահին վերապահուած լիազօրութիւններուն եւ գործառոյթներուն, պետական իշխանութեան համակարգին մէջ անոր տեղին ու դերին եւ պետական միւս մարմիններուն հետ փոխյարաբերութիւններուն վերաբերեալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.