2013-08-03 09:02:19

Հալէպի Մէջ Երիտասարադաց Հաւաք Րիօյի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուայ Հետեքերով


Անցեալ կիրակի 28 յուլիսին Րիոյի մէջ նշուած եւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորութեամբ մատուցուած երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ եզրափակիչ պատարագի արարողութեան համընթաց` Հալէպի քրիստոնեայ երիտասարդները ապրեցան իրենց իւրայատուկ փոքրիկ ՃՄճ-ին - կը յաղորդէ ֆիտէս լրատու գործակալութիւնը - մատնանշելով 850 երիտասարդներուն որոնք համախմբուեցան ''Ժորժ Մադիլտ Սալէմ'' Հալէպի Սալէզեաններու կեդրոնին մէջ հոգեւոր միութեամբ` աղօթելու եւ ապրելու երիտասարդութեան համաշխարհային օրը։

Հաւաքին ներկայ էին նաեւ չորս կաթողիկէ եպիսկոպոսներ որոնց շարքին նաեւ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Թեմի առաջնորդ` գերապայծառ Պետրոս Արք. Միրիաթեանը որ զարմանք յայտնած է ի տես բազմաթիւ երիտասարդներու անվախ մասնակցութեան, հակառակ պատերազմի սպառնալիքներուն։ Ամէնքն ալ - ըսած է Միրիաթեան եպիսկոպոսը - կը վկայէին ներքին անդորրութիւն մը որ Տիրոջ իսկական պարգեւն է։ Հալէպի Թեմի առաջնորդը ապա ակնարկելլով ֆրանչիսկոս Պապի կոչին թոյլ չտալու որ յոյսը խլուի երիտասարդներէն մատնանշեց թէ ներկաներէն շատեր արդէն մտադիր են իրենց կեանքը նուիրագործել եղբայրներու ծառայութեան եւ աղօթքի։








All the contents on this site are copyrighted ©.