2013-08-02 12:15:56

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Պատգամը Մահմետականներուն ''ֆըդրի'' Տօնին Առթիւ:


''Հրաւէր դաստիարակութեան ուղիով` փոխադարձ յարգանքի ։``

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իսլամներու ֆըդրի Տօնին Առթիւ` պատգամ մը ուղղած է աշխարհի համային մահմետականներուն, որուն մէջ կը գրէ.

Համայն աշխարհի մահմետականներուն

Ինծի համար մեծ հաճոյք է ողջոյնս ուղղել ''Իտ Ալ ֆըդրի'' տօնին առթիւ, որ կ'եզրափակէ Ռամատանի ամիսը, նուիրուած գլխաւորապէս ծոմի, աղօթքի ու ողորմութեան։

Այս առթիւ, աւանդութիւն դարձած է, որ Միջկրօնական Քահանայապետական Խորհուրդը ձեզի ուղղէ բարեմաղթական պատգամ մը, որուն կ'ընկերանայ պատրաստուած նիւթ մը բոլորիս խորհրդածութեան համար։

Սիրեցեալ բարեկամներ, այս տարի` առաջինը իմ քահանայապետութեանս, որոշեցի անձամբ ստորագրել այս աւանդական պատգամը եւ զայն ուղարկել ձեզի, որպէս արտայայտութիւն գնահատանքի ու բարեկամութեան հանդէպ բոլոր մահմետականներուն ու մասնաւորապէս կրօնապետերուն։

Ինչպէս ամէնքդ գիտէք, երբ կարտինալները զիս ընտրեցին որպէս Հռոմի եպիսկոպոս եւ Հովիւ Ընդհանրական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, ընտրեցի ''ֆրանչիսկոս'' անունը, մեծահամբաւ սուրբ մը, որ խորապէս սիրեց Աստուած, ու մարդկային ամէն անհատ, այնպէս որ կոչուած է ''տիեզերական եղբայր''։ Ան սիրեց, օգնեց եւ ծառայեց կարօտեալներուն, հիւանդներուն եւ ինչազուրկերուն եւ նոյնպէս մեծ խնամք տարաւ արարչագործութեան։

Գիտակից եմ, որ այս պահուն, մահմետականներուն համար յոյժ կարեւոր են ընտանեկան ու ընկերային ծաւալները եւ կ'արժէ նշել թէ այս ծաւալներէն ամէն մէկուն մէջ կան որոշ համապատասխան իրողութիւններ քրիստոնէական հաւատքի ու քրիստոնէական ապրումին հետ։

Այս տարի, նիւթը որուն մասին կ'ուզեմ խորհրդածել ձեր հետ եւ բոլոր անոնց հետ որ պիտի կարդան այս պատգամը եւ որ կը հայի թէ իսլամներուն եւ թէ քրիստոնեաներուն` ''դաստիարակութեան ճանպարհով փոխադարձ յարգանքի զարգացումն է։''

Այս տարուայ նիւթը կը նպատակադրէ ընդգծել դաստիարակութեան կարեւորութիւնը այն եղանակով որ իրարզիրար կ'ըմբռնենք փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ։

''Յարգանք'' կը նշանակէ բարեկիրթ կեցուածք մը այն անհատներուն հանդէպ որոնք մեր գնահատանքի եւ համարումի արժանի են։

''Փոխադարձ'' կը նշանակէ որ այս մէկը միակողմանի ընթացք մը չէ, այլ բան մը որ երկու կողմերը կը կիսեն։

Այն ինչ որ կանչուած ենք յարգելու ամէն անհատին մէջ, նախ եւ առաջ անոր կեանքն է, անոր ֆիզիքական ամբողջութիւնը, անոր արժանաւորութիւնը եւ անկէ բխող իրաւունքները, անոր համբաւը, անոր սեփականութիւնը, անոր ցեղային ու մշակութային ինքնութիւնը, անոր գաղափարները ու անոր քաղաքական նախընտրութիւնները։ Այս պատճառաւ կանչուած ենք ուրիշին մասին խորհելու, խօսելու ու գրելու յարգալիր կերպով, ոչ միայն անոր ներկայութեամբ, այլ միշտ եւ ամենուրէք, զգուշանալով անարդար եւ վարկաբեկող քննադատումներէն։

Այս նպատակին հասնելու համար դեր մը ունին կատարելիք ընտանիքները, դպրոցները, կրօնական ուսուցումը ու ընկերային հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները։

Գալով այժմ փոխադարձ յարգանքի միջկրօնական յարաբերութիւններուն, մասնաւորապէս քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ, մենք կանչուած ենք յարգելու միւսին կրօնը, անոր ուսուցումը, խորհրդանիշերը եւ արժէքները։ Յատուկ յարգանք պարտինք ունենալ կրօնապետերուն ու պաշտամունքի վայրերուն նկատմամբ։
Ո՜րքան ցաւ կը պատճառեն մէկուն եւ միւսին դէմ նախայարձակումները ։

Բնականաբար, ուրիշի մը կրօնին հանդէպ յարգանք ցուցաբերելով եւ կրօնական տօնին առթիւ բարեմաղթութիւններ յայտնելով, կը մտադրենք պարզապէս բաժնեկցիլ անոնց ուրախութիւնը, առանց անդրադառնալու անոնց կրօնական համոզումներու պարունակութեան։

Իսկ ինչ կը հայի իսլամ ու քրիստոնիայ երիտասարդներու դաստիարակութեան, պէտք ենք կազմել մեր երիտասարդները յարգանքով մտածելու ու խօսիլու ուրիշներու կրօնի ու անոնց հետեւորդներուն մասին, խուսափելով ուրիշներու համոզումներն ու բարքերը ծաղրանքի եւ արհամարհանքի առարկայ դարձնելէ։

Ամէնքս գիտենք որ փոխադարձ յարգանքը հիմնական է մարդկային ամէն յարաբերութեան մէջ, յատկապէս կրօնք մը դաւանող մարդոց միջեւ։ Այսպէսով է որ կրնայ աճիլ անկեղծ ու մշտական բարեկամութիւն մը։

22 մարտ 2013-ին Ս. Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Դիւանագիտական Մարմինը ընդունելով ըսի. ''կարելի չէ ճշմարիտ կապեր հաստատել Աստուծոյ հետ, ուրիշները անգիտանալով։ Այս պատճառաւ հարկաւոր է ամպրապնդել երկխօսութիւնը զանազան կրօներու միջեւ, կ՛ակնարկեմ ամէնէն առաջ իսլամութեան հետ երկխօսութեան, եւ գահակալութեան պատարագին ընթացքին, մեծապէս գնահատեցի իսլամ աշխարհի քաղաքացիական ու կրօնական իշխանութիւններու ներկայութիւնը''։ Այս խօսքերով, ուզեցի անգամ մը եւս վերահաստատել հաւատացեալներու միջեւ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան յոյժ կարեւորութիւնը, մասնաւորապէս քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ, եւ այս ուղղութեամբ վերոյիշեալ երկխօսութեան ամրապնդման հարկաւորութիւնը։

Այս զգացումներով, կը վերանորոգեմ իմ յոյսը որ բոլոր քրիստոնեաներն ու մահմետականները ըլլան ճշմարիտ ռահվիրաները փոխադարձ յարգանքի ու բարեկամութեան, յատկապէս դաստիարակութեան ճանապարհով։

Հուսկ ձեզի կը յայտնեմ իմ լաւագոյն բարեմաղթութիւններն ու աղօթքս որպէսզի ձեր կեանքերը փառաբանեն Ամենակալը եւ ուրախութեամբ պատեն բոլոր անոնք որ ձեզ կը շրջապատեն։
Շնորհաւոր տօն ձեզի ամէնուդ։
Վատիկան 10 յուլիս 2013։








All the contents on this site are copyrighted ©.