«Էսոշիյէթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընի
ռուս փաստաբաններէն մէկը յայտնած է, որ Սնոուտըն Ռուսիոյ մէջ մէկ տարուան համար ապաստան
ստացած է եւ հեռացած Մոսկուայի օդակայանէն: Անաթոլի Քուչերենա յայտնեց, որ Սնոուտընի
փաստաթուղթերը երէկ իրեն փոխանցուած են: Սնոուտըն հեռացած է օդակայանէն, ուր 23 յունիսին
Հոնկ Քոնկէն ժամանելէն ի վեր կը մնար: Քուչերենա ըսաւ, որ Սնուոտընի գտնուած վայրը
ապահովական նկատառումներով գաղտնի պիտի պահուի: Միացեալ Նահանգներ պահանջեցին, որ
Ռուսիա Սնուոտընը հայրենիք ուղարկէ` լրտեսութեան ամբաստանութեամբ դատավարութեան ենթարկուելու
համար, սակայն Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մերժեց այդ պահանջը: