2013-08-02 10:07:14

Ռուս Օրթոտոքս Եկեղեցին 1,3 Միլիոն Տոլար Կը Տրամադրէ Սուրիոյ Ընդհարումի Զոհերուն։


Նուիրատուութիւնը արդիւնքն բոլոր ժողովրդապետութիւններու մէջ կայացած դրամահաւաքին։

Ռուս օրթոտոքս եկեղեցին 1,3 միլիոն տոլար տրամադրած է Սուրիոյ ընդհարումի զոհերուն, հաղորդագրած է ''Լա Իզուեցիա'' ռուս օրաթերթը։
Համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ պատրիարքը անցեալ յունիսին զօրակցութեան կոչ ուղղած էր սուրիացի քրիստոնեաներուն ի խնդիր, խնդրելով որ Ռուսիոյ բոլոր ժողովրդապետութիւններուն մէջ կիրակի 30 յունիսին դրամահաւաք մը կազմակերպուի։ Ռուս հաւատացեալները ընդառաջելով այս կոչին նուիրած են 1,3 միլիոն տոլար։ Գումարը պիտի ուղարկուի Անտիոքի պատրիարքին, որուն աթոռը Տամասկոս կը գտնուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.