2013-08-02 11:15:46

Հայաստան Կը Նախատեսէ Յաջորդ Տարի Խաղաղապահ Ուժեր Գործուղել Լիբանան


Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութեան կազմին մէջ հայկական խաղաղապահ ստորաբաժանման ընդգրկումը կը նախատեսուի յաջորդ տարի:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի հովանիին տակ իրականացուող ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ առաքելութեան հրամանատար երկիր հանդիսացող Իտալիան պաշտօնապէս դիմած է Հայաստանին` առաքելութեան կազմին մէջ հայկական զօրախումբ ընդգրկելու առաջարկով, որ պէտք է իրականացնէ առաքելութեան կեդրոնակայանի անվտանգութեան ապահովման գործառոյթներ: Այս պահուն ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ առաքելութեան կազմին մէջ հայկական զօրախումբ ընդգրկելու վերաբերեալ կ’ընթանան բանակցութիւններ ՄԱԿ-ի եւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ զօրախումբի կառուցուածքին, տեղակայման վայրին, խնդիրներուն, թիկունքային ու ճարտարագիտական ապահովման եւ այլ խնդիրներու շուրջ:
2012 թուականէն Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի դիտորդական առաքելութեան կազմին մէջ ներգրաւուած է Հայաստանի զինեալ ուժերու մէկ սպայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.