2013-08-02 09:54:19

''Լատին Ամերիկան Իր Պատմութեան Անկիւնադարձի Առջեւ Կը Գտնուի'' Ըսաւ Կարտինալ Ուելլէ։


Լատին Ամերիկայի քահանայապետական յանձնախումբի նախագահ` կարտինալ Մարք Ուելլէ` որ Պրազիլի մէջ կը մասնակցի Լատինամերիկայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու համադրող յանձնախումբի ժողովներուն, անցեալ 31 յուլիսին, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած էր թէ ''Լատին Ամերիկան անկիւնադարձի մը առջեւ կը գտնուի'' նշելով թէ լատին ամերիկեան ցամաքամսը այս պատմական օրերուն կրնայ համայն աշխարհի համար դառնալ ''Աւետարանի դերակատար'' ի տես նաեւ առաջին Լատին ամերիկացի քահանայապետ ֆրանչիսկոս Պապի համբաւին ու անոր գոծունէութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.