2013-08-02 10:00:36

Գրիգոր եպս. Գուսան այցելեց Ղպտի Թաուատրոս Բ. Պապին


Չորեքշաբթի, 31 յուլիս 2013-ին, Ղպտի Թաուատրոս Բ. Պապը ընդունեց Աղեքսադրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. հայր Գրիգոր եպս. Գուսանը եւ Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի դեսպան տոքթ. Արմէն Մելքոնեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան կաթողիկէ եւ ուղղափառ Եկեղեցիներուն միջեւ յարաբերութիւնները եւ գործակցութեան առաւել եւս սերտացնելու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի ընկերային եւ քաղաքական տագնապալի իրավիճակը:

Հայաստանի դեսպանը իր կարգին Ղպտի Պապին փոխանցեց Հայաստան այցելելու եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ հանդիպելու հրաւէր մը: Ղպտի պապը սիրով ընդառաջեց հրաւէրին եւ փափաք յայտնեց այցելելու Հայաստան եւ մօտէն ծանօթանալու Հայ Եկեղեցւոյ:

Դեսպան Մելքոնեան պապին նուիրեց հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին մասին հատորներ, ինչպէս նաեւ հայկական ու եգիպտական դրօշները խորհրդանշող արծաթեայ յուշապնակ մը, որ յատուկ կերպով պատրաստուած է հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու 20 ամեակին առթիւ:

Նշենք, որ արհի. Գրիգոր եպս. Գուսան նախապէս այցելած էր Ղպտի Թաուատրոս Բ. Պապին, զինք շնորհաւորելու համար իր գահակալութեան առթիւ:







All the contents on this site are copyrighted ©.