2013-08-01 10:51:17

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Կեդրոնը Հրապարակեց Հայոց Լեզուի Ուսուցման Ծրագիր Մը` Մանկապարտէզի Դասարաններուն Համար։


Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակը 2013 թուականի Յուլիսին հրապարակեց հայոց լեզուի ուսուցման ծրագիր մը, ուղղուած` Լիբանանի հայկական վարժարաններու մանկապարտէզի հայոց լեզուի ուսուցիչներուն:

Սոյն աշխատութիւնը, “Նախադպրոցականներու կրթութեան ազգային ծրագիր” անունով, հրապարակուեցաւ Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի հրատարակած “Հայ մանկավարժ” հանդէսի թիւ 5 համարին մէջ: Ծրագրին հեղինակն է Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի փրոֆեսոր, դոկտ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան, աշխատակցութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու մանկապարտէզի ուսուցչական աշխատանքային խմբակին, որ յառաջացուած էր յատուկ այս նպատակով:

Լիբանանի հայկական վարժարաններու մանկապարտէզի դասարաններուն մէջ կիրարկումի համար առաջարկուած այս ծրագիրը, աւելի քան 100 էջ ծաւալով, կ՛ընդգրկէ հայ մանուկներու հոգեկերտուածքի ձեւաւորումի եւ զարգացումի խնդիրներ` հաշուի առ-նելով ինչպէս ազգային, այնպէս ալ համամարդկային արժէքները: Անիկա ուղղուած է մանկապարտէզի փոքրիկներու առողջ եւ երջանիկ մանկութեան ապահովումին, զգայարաններու եւ հոգեկան գործընթացներու զարգացումին, ընկերային-մշակութային յարաբերութիւններու ձեւաւորումին, ինքնաճանաչումին ու ինքնակողմնորոշումին, սեփական անձին գնահատումին, կենցաղային-աշխատանքային տարրական կարողութիւններուն ձեւաւորումին եւ զարգացումին, ուսումնական գործունէութեան նախապատրաստումին, կարդալու եւ գրելու տարրական կարողութիւններու ձեւաւորումին:

Ներկայացնելով այս ծրագիրը, կ’ակնկալենք, որ ան ծառայէ լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ հայոց լեզուի ուսուցման պայմաններու բարելաւման` հանդիսանալով օգտաշատ ուղեցոյց հայերէնի ուսուցիչներուն համար: Ծրագիրը օգտագործող ուսուցիչները, անոր գործածութեան լոյսին տակ յառաջ եկած դիտողութիւններով ու առաջարկներով, կրնան մեծապէս նպաստել անոր բարելաւման գործին, որ պիտի շարունակէ մերը ըլլալ: Կ’ակնկալենք, որ սոյն ծրագիրը ուղեցուցական արժէք ներկայացնէ նաեւ հայկական սփիւռքի մէջ նախադպրոցական համակարգի հայերէնի ուսուցիչներուն համար, հաշուի առնելով այն լայն ընդհանրութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին սփիւռքահայ` մանաւանդ միջին արեւելեան երկիրներու մէջ գործող հայկական վարժարաններուն մէջ:

Ծրագիրը ձեռք բերելու ցանկութիւն ունեցողները կրնան դիմել Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի տնօրէնութեան ( Հեռաձայն` 961 1 570 555 ):








All the contents on this site are copyrighted ©.