2013-08-01 11:20:36

ՄԱԿի Համաձայն՝ Աշխարհը Տեղեկատուական Պատերազմի Մէջ Է


ՄԱԿի հովանիին տակ գործող Հեռահաղորդակցութեան միջազգային միութեան ընդհանուր քարտուղար Համատուն Թուրէ յայտարարած է, թէ աշխարհը կը գտնուի տեղեկատուական պատերազմի մէջ, եւ բազմաթիւ կառավարութիւններու համար, համացանցային լրտեսութեան դիմելը սովորական երեւոյթ է: Ան նաեւ չի կասկածիր, թէ իր ելեկտրոնային հաղորդակցութիւնները եւս բաց են գաղտնի սպասարկութիւններու համար: «Յիմարութիւն է այլ ձեւ մտածել», ըսած է Թուրէ, ըստ որուն՝ աշխարհը արմատապէս փոխուած է, եւ համացանցային նոր վտանգներու դէմ երկիրները կրնան պայքարիլ միայն միացեալ ջանքերով:







All the contents on this site are copyrighted ©.