2013-07-31 15:22:38

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Քարոզը Սուրբ Իգնատիոսի Տօնին Առթիւ։
''Երբ Յիսուսեան մը Յիսուսը չի դներ իր կեանքին որպէս կեդրոն կը սխալի։''


Չորեքշաբթի 31 յուլիսի առաւօտեան ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի ''Յիսուսի'' անուան եկեղեցւոյ մէջ մատույց սուրբ պատարագ, Յիսուսեան միաբանութեան հիմնադիր` Սուրբ Իգնատիոսի տօնին առթիւ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 200 Յիսուսեան միաբանակիցներ։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր Ճառին մէջ Սրբազան Հայրը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները, երեք նիւթերու շուրջ խորհրդածութիւն մը ներկայացուց. ''Քրիստոս ու Եկեղեցին ընտրել որպէս կեդրոն. Առինքնուիլ Քրիստոսով ծառայելու համար, եւ Մեր մեղքերուն եւ սահմանափակ կարողութեան ամօթը զգալ որպէսզի Քրիստոսի ու մեր եղբայրներուն առջեւ խոնարհ ըլլանք։''

Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշեց Յիսուսեան միաբանութեան զինանշանին (IHS) որ կը նշանակէ ''Յիսուս Մարդոց Փրկիչ'' որմէ ի յայտ կու գայ - ըսաւ Ան - Յիսուսի կեդրոնականութիւնը մեր կեանքէն ներս։ Երբ Յիսուսեան մը Յիսուսը չի դներ իր կեանքին որպէս կեդրոն կը սխալի։ Յիսուսի կեդրոնականութեան կը համապատասխանէ նաեւ Եկեղեցւոյ կեդրոնականութիւնը։ Անբաժան երկու բոցեր։ Ես չեմ կրնար Քրիստոսին հետեւիլ եթէ ոչ Եկեղեցւոյ մէջ եւ Եկեղեցւոյ հետ։

Սրբազան Հայրը հուսկ մատնանշեց երկու կեդրոնականութիւնները ապրելու ճանապարհին որ է ''առինքնուիլ Յիսուս Քրիստոսով'' եւ զայն ունենալ որպէս կէտնապակ հարց տալով թէ ինչ կ՛ընեմ ես Քրիստոսի Համար եւ թէ ինչ պէտք եմ ընել։ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ակնարկեց Սուրիոյ մէջ արեւանգուած յիսուսեան միաբան հայր Տալլոլիոյին։

Որպէս երրորդ խորհրդածութեան նիւթ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Ղուկասի աւետարանին մէջ արձանագրուած Յիսուսի հետեւեալ խօսքին ''Ով որ ուզէ իր կեանքը փրկել, պիտի կորսնցնէ զայն. եւ ով որ իր կեանքը կորսնցնէ ինծի համար, պիտի փրկէ զայն....եթէ մէկը զիս կամ իմ խօսքերս իրեն ամօթ համարէ....եւայլն։'' Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ ամօթ չի համարել զինք այլ Իրեն հետեւիլ ամբողջական նուիրումով, Իրեն վստահելով եւ Անոր ապաւինելով։ Նայելով խաչեցեալ Քրիստոսին մենք մարդկային ամօթ կը զգանք։ Կը նայինք Քրիստոսի իմաստութեան եւ մեր տգիտութեան Անոր ամենակարողութեան եւ մեր տկարութեան, Անոր արդարութեան ու մեր անօրէնութեան, Անոր Բարիութեան ու մեր չարութեան։ Ամօթութեան շնորհքը հայցելը մեզ կը մղէ դէպի հեզութեան արաքինութիւն։ Հեզութիւն` որ մեզ կը մղէ մենք զմեզ դնելու Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ ծառայութեան տակ, որպէս անբաւարար, դիւրաբեկ, անատակ խեցեղեն անօթներ որուն մէջ կը կրենք անհուն գանձ մը։

Սրբազան հայրը խօսքը եզրափակեց ներկաները հրաւիրելով դիմելու Աստուածամօր ''Nuestra Señora'' ։''Ան որ իր արգանդին մէջ կրեց Քրիստոսը եւ առաջնորդեց Եկեղեցւոյ առաջին քայլերը թող օգնէ որպէսզի մեր կեանքին որպէս կեդրոն ունենանք միշտ Քրիստոսը ու Անոր Եկեղեցին։ Ան որ եղաւ իր Որդւոյն առաջին կատարեալ աշակերտը օգնէ որ Քրիստոսը առինքնէ մեզ ու հետեւինք ու ծառայենք Անոր բոլոր պարագաներուն։ Ան որ իր համայն հեզութեամբ պատասխանեց Հրեշտակի աւետումին մեզ ալ կարող դարձնէ ամօթը զգալու մեր անատակ ըլլալուն համար այն գանձին դիմաց որ մեզի վստահուած է։ Սուրբ Իգնատիոսի հայրական եւ Յիսուսեան սուրբերու բարեխօսութիւնը առաջնորդէ մեր քայլերը ի Փառս Աստուծոյ։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.