2013-07-31 10:33:12

Հիւսէյն Ընտրուեցաւ Փաքիստանի Նախագահ


«Լայֆ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Փաքիստանի մէջ իշխող կուսակցութեան թեկնածու` գործարար Մամուն Հիւսէյն երէկ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան ընթացքին յաղթանակ արձանագրած է:
Փաքիստանի 12-րդ նախագահը, աւանդութեան համաձայն, ընտրուած է խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած քուէարկութեամբ:
Ան կը ներկայացնէ Փաքիստանի իսլամական լիկայ կուսակցութիւնը: Անոր մրցակիցը եղած է Վատճիութտին Ահմետը` ընդդիմադիր կուսակցութենէն:
Գործող նախագահի լիազօրութիւնները կ՛աւարտին այս սեպտեմբերին: Երկրին մէջ ամբողջ իշխանութիւնը կեդրոնացած է վարչապետի ձեռքը, իսկ նախագահի դերը «ծիսական» է:







All the contents on this site are copyrighted ©.