2013-07-31 10:32:43

Էշթըն Հանդիպում Ունեցաւ Մուրսիի Հետ


Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն երէկ հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի պաշտօնանկ եղած նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հետ:
Էշթըն ըսաւ, որ Մուրսի «լաւ է», սակայն ինք չի գիտեր, թէ ան ուր արգելափակուած է` աւելցնելով, որ Մուրսիի հետ երկու ժամ տեւողութեամբ «անկեղծ ու խոր» քննարկումներով հանդիպում մը ունեցած է: Ան նշեց, որ Մուրսի լուրերուն եւ զարգացումներուն կը հետեւի:
Էշթըն ըսաւ, որ պաշտօնանկ եղած նախագահը «առողջութեամբ լաւ է» եւ «բարձր տրամադրութեամբ»: Ան այդտեղ կը գտնուէր իր երկու խորհրդականներով, եւ իրեն լաւ հոգ կը տանին: Մուրսիի համակիրները կ՛ողջունեն Էշթընի հետ անոր հանդիպումը, ինչ որ Մուրսիի քաղաքական կեանք վերադարձին աւետիսը նկատեցին:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս երէկ կոչ ուղղեց Եգիպտոսի մէջ քաղաքական բանտարկեալները, ներառեալ` Մուրսին ազատ արձակելու: Ան զգուշացուց, որ Եգիպտոսի մէջ կացութիւնը «շատ վտանգաւոր է»:







All the contents on this site are copyrighted ©.