2013-07-30 12:13:23

Տարֆուրի Մէջ Երկու Օրուան Ընթացքին 94 Մարդ Սպաննուած Է


«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ արեւմտեան Սուտանի Տարֆուր շրջանին մէջ երկու ցեղախումբերու միջեւ երկու օր շարունակ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով 94 զոհ արձանագրուած է:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով հակամարտող ցեղախումբերէն մէկուն ղեկավարը, կը հաղորդէ, որ ցեղախումբերէն մէկը անսպասելի կերպով յարձակած է միւսին վրայ, հակառակ անոր, որ երկուքին միջեւ վերջերս խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրուած էր:
Տարֆուր երկար տարիներէ ի վեր կը շարունակէ անկայուն շրջան մնալ: Միջցեղախմբային տագնապներէն բացի, տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին նաեւ շրջանի բնակիչներուն եւ Սուտանի կառավարութեան միջեւ:
2003-էն ի վեր Տարֆուրի մէջ 400 հազար մարդ սպաննուած է: Իսկ միջցեղախմբային բախումներու պատճառով միայն յունուար-մայիս ամիսներուն ընթացքին 300 հազար մարդիկ Տարֆուրէն փախուստ տուած են:







All the contents on this site are copyrighted ©.