2013-07-30 12:13:16

Սուրիական Բանակը Հոմսի Խալիտիյա Շրջանը Առաւ Իր Վերահսկողութեան Տակ


Սուրիական կառավարական ուժերը երէկ Սուրիոյ երրորդ մեծագոյն քաղաքին` Հոմսի մէջ ընդդիմութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկը առին իրենց ամբողջական վերահսկողութեան տակ:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ բանակը Խալիտիյայի մէջ ապահովութիւնն ու կայունութիւնը «վերականգնած» է:
Միայն Հոմսի հին քաղաքը եւ կարգ մը շրջաններ տակաւին կը գտնուին զինեալ ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ:
Ըստ վերլուծաբաններու, Խալիտիյայի գրաւումը յաւելեալ թափ պիտի տայ Հըզպալլայի աջակցութիւնը վայելող կառավարական ուժերու հակայարձակումին, որուն առաջին քայլը Քուսէյրի անկումը եղած էր:
Միւս կողմէ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պատր Ապտելաթի յայտնեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ֆահմի Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթընի հետ Գահիրէի մէջ իր հանդիպումին ընթացքին Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումի մը հասնելու կարեւորութիւնը շեշտած է` աւելցնելով, որ այդ լուծումը պէտք է դադրեցնէ քաղաքայիններու սպանութիւնը, սուրիացի ժողովուրդին ձգտումները արտացոլող եւ անոր կրօնական, յարանուանական ու ազգային բազմազանութիւնը արտացոլող ժողովրդավարական վարչակարգի մը կառուցումը երաշխաւորէ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.