2013-07-30 12:12:46

Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան Բանակցութիւնները Այսօր Կը Վերսկսին Ուաշինկթընի Մէջ


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ իսրայէլացի եւ պաղեստինցի բանագնացներ այսօր Ուաշինկթընի մէջ պիտի վերսկսին խաղաղութեան բանակցութիւններուն:
Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի նշեց, որ նախնական բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան երկուշաբթի գիշեր, ապա պիտի շարունակուին երեքշաբթի օր:
Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի կիրակի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ, եւ անոնք համաձայն գտնուած են, որ բանակցութիւնները առիթ ծառայեն յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին բանակցութիւնները յառաջ մղելու գործնական ծրագիր մը մշակելու:
Քերրի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «երկու ղեկավարներն ալ պատրաստակամութիւն ցուցաբերած են տալու դժուար որոշումներ, որոնք այս կէտին հասնելու համար վճռական դեր ունեցած են»:
Իսրայէլեան պատուիրակութեան նախագահն է Իսրայէլի արդարադատութեան նախարար Ցիփի Լիվնի, որ երէկ կանուխ առաւօտեան ուղղուեցաւ Ուաշինկթըն` յայտնելով, որ Միացեալ Նահանգներ կը մեկնի «զգուշաւորութեամբ, սակայն նաեւ յոյսով»:
Պաղեստինցի բանագնացները իրենց կարգին մեկնեցան Ուաշինկթըն: Պաղեստինեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ աւագ բանագնաց Սայեպ Օրէյքաթ:
Ապպասի օգնականներէն Նեպիլ Ապու Ռուտէյնա Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման իր այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ «Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները պիտի սկսին երեքշաբթի օր` Ուաշինկթընի մէջ»:
«Ապպաս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիէն բանակցութեանց մասնակցելու համար Ուաշինկթըն ուղղուելու հրաւէր մը ստացաւ»:
Ռուտէյնա ըսաւ, որ «առաջին ժողովին նպատակը երկու կողմերուն համար գործնական աշխատանքի ծրագիրի մը ճշդումն է, որպէսզի անոնք կարենան յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին բանակցութեանց մէջ յառաջ ընթանալ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.