2013-07-30 12:03:31

Եկեղեցին՝ Հաւատքի Նահանջը Արգելակելու Մարտահրաւէրին Առջեւ


Հաւատքի Դուռը…
Հաւատքի Լոյսը…
Հաւատքի Տարի…
Նո՛ր Աւետարանում…
Պապական ընթացիկ շրջաբերականներու խորագիրներ չեն ասոնք, այլ առաջինը՝ Առաքելական Թուղթ մը, իսկ միւսները ոչ նուազ կարեւոր յորդորներ՝ քրիստոնէական Հաւատքի ակնյայտ նահանջը կասեցնելու համար քրիստոնեայ հասարակութենէն ներս Հաւատքը վերարծարծելու հրամայական անհրաժեշտութեան մասին։

Արդարեւ, կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, եւ ո՛չ միայն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, դիմագրաւած մեծագոյն մարտահրաւէրներէն մէկը, այսօր, քրիստոնէական Հաւատքի նահանջը արգելակելու հրամայականն է։ Վերոյիշեալ պապական Առաքելական Թուղթն ու յորդորները այդ նպատակով հնչեցուած ահազանգ մըն են։

Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ շուրջ չորս տասնամեակներ առաջ հրապարակուած Առաքելական Յորդոր մը ցոյց կու տայ որ Հաւատքի նահանջը նորայայտ կամ յանկարծահաս երեւոյթ մը չէ։ Պարզապէս անոր պատճառները բազմացած են եւ անոր թափը՝ զօրացած։

Արդարեւ, Հաւատքի նահանջին պատճառներուն տարուէ տարի ծանրացումը ու անոր յետագայ թափը կանխարգիլելու անհրաժեշտութիւնը զգացած ըլլալով, Պօղոս Զ.՝ 8 Դեկտեմբեր 1975-ին հրապարակած իր «Աւետարանը քարոզելու համար» Առաքելական Յորդորով ուզած է նո՛ր, գէթ նահանջին համապատասխան ուժգնութեամբ զարկ տալ աւետարանումի աշխատանքին, որ «կ'ընդգրկէ քարոզութիւնը, քրիստոնէական վարդապետութիւնը, ծիսակատարումը, ժողովրդական բարեպաշտութիւնը եւ մանաւանդ կեանքի վկայութիւնը», ինչպէս կը նշէ ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. իր «Նոր Աւետարանումը այսօր» Հայրապետական Պատգամին մէջ (Պէյրութ, 2013)։

Ինչպէս կը տեսնուի, Պօղոս Զ.ի նախաձեռնութիւնը բաւարար չէ եղած Հաւատքի նահանջին թափը կտրելու կամ գէթ դանդաղեցնելու համար, քանի որ այդ նախաձեռնութենէն շուրջ երեք տասնամեակ ետք, ի տես Հաւատքի նահանջի անարգել շարունակումին, Տիեզերական Եկեղեցին պարտաւորութիւնը զգացած է նո՛ր, աւելի մեծ եռանդով եւ աշխուժութեամբ աւետարանումի աշխատանքին լծուելու՝ արգելակելու համար Հաւատքին նահանջը։ Այս նպատակով իրական զօրաշարժի կոչեր են Բենեդիկտոս ԺԶ. եւ Ֆրանչիսկոս Պապերուն Առաքելական Թուղթերը, որոնք հրապարակուեցան անցնող մէկ տարուան ընթացքին։

Արդարեւ, այսպէս կոչուած համաշխարհայնացումին համայնակուլ գլանին տակ անէացող ընկերային, մշակութային, հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կորստեան պայմաններուն, նաե՛ւ կեանքի համարեա բոլոր մարզերէն ներս արձանագրուող խորունկ յեղաշրջումներուն եւ արհեստագիտութեան ընձեռած անփոխարինելի հնարաւորութիւններու հմայքին ազդեցութեան հետեւանքով յառաջացած Հաւատքի տագնապին դիմաց, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը՝ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին 13-րդ սովորական ընդհանուր համաժողովին (7-28 Հոկտեմբեր 2012) օրակարգի գլխաւոր նիւթ դարձուց «Նոր Աւետարանում՝ քրիստոնէական Հաւատքը փոխանցելու համար» իր առաջադրանքը, այս կերպով միաժամանակ նախապատրաստելով ՀԱՒԱՏՔԻ ՏԱՐԻն, զոր հռչակեց 2012-ի Հոկտեմբերի 11-էն մինչեւ 2013-ի Հոկտեմբերի 24 երկարող ժամանակահատուածը։ Այս ժամանակահատուածին ճշդումը պատահական չէր։ Այլ որովհետեւ ան կը զուգադիպի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի հրատարակութեան քսանամեակին, ինչպէս նաեւ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի բացման յիսնամեակին։ Այս երկու իրադարձութիւնները շրջադարձային նշանակութիւն ունեցան Տիեզերական Եկեղեցւոյ համար, որովհետեւ անոնք ուղեցոյց եղան գալիք տարիներուն եւ գալիք սերունդներուն եւ ճամբան հարթեցին նո՛ր աւետարանումի աշխատանքներուն։

Հազիւ Պետրոսի գահին նստած, Ֆրանչիսկոս Քահահանայապետին առաջին գործերէն մէկը եղաւ որդեգրել իր նախորդին կողմէ մշակուած Հաւատքի Դուռը Առաքելական Թուղթը եւ նոր աւետարանումի ու Հաւատքի Տարուան մասին յորդորները, եւ անոնց վրայ յաւելումներ կատարելով 5 Յուլիս 2013-ին հրապարակել «Հաւատքի Լոյսը» խորագրեալ իր առաջին Կոնդակը։
*** *** ***
Ինչպէս նշեցինք, այսօր, Հաւատքի նահանջը աւետարանումի ճամբով արգելակելու մարտահրաւէրը միայն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ուղղուած չէ, այլ համայն քրիստոնեայ աշխարհին, որուն առաջատար դրօշակակիրը եղած է ու կը յաւակնի մնալ Հայ ժողովուրդը՝ իբրեւ աշխարհի պետականօրէն առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը։ Հետեւաբար, Հայ Եկեղեցի՛ն ալ այսօր կը գտնուի՝ իր աշխարհասփիւռ թէ հայրենաբնակ հօտը քրիստոնեայ աշխարհին առաջատարը ըլլալու յաւակնութիւնը արդարացնող յատկանիշերով օժտելու մարտահրաւէրին առջեւ։ Այս մարտահրաւէրին ծանրութիւնը տարբեր է անշուշտ միջավայրէ միջավայր, գաղութէ գաղութ, երկրէ երկիր եւ ընդհանուր առմամբ արտերկրի եւ հայրենաբնակ ժողովուրդին միջեւ, այս վերջինը դեռ եւս թօթափած չըլլալով խորհրդային 70 տարիներէն ժառանգ ստացած անհաւատութեան յատուկ բարքեր եւ դրսեւորումներ, մինչ օտար ափերու վրայ հանգրուանած հայութիւնը՝ հակառակ դիմագրաւած բազմաբնոյթ դժուարութիւններուն, երբեք չէ կորսնցուցած իր քրիստոնէավայել նկարագիրը։ Պահ մը մոռնալով մարտահրաւէրի ծանրութեան համեմատականը եւ ընդհանրացնելով Հաւատքի նահանջի երեւոյթը, պիտի նկատենք որ Հայ ժողովուրդի ինքնութեան աշխարհայայտ եւ աշխարհահիաց յատկանիշերէն մէկուն՝ Հաւատքին, մեղմ ըսած՝ տկարանալուն պատճառը՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան պակասին հետեւանքով հայ հաւատացեալին եւ ընդհանրապէս հաւատացեալ հասարակութեան հեռացումն է Եկեղեցիէն եւ անոր ուսուցումներէն, քրիստոնէաւանդ գիտելիքներէն, իսկ հետեւանքը՝ ակամայ հեռացումը նաե՛ւ ինքնութենէն, Հաւատքը լրացուցիչը ըլլալով Հայու ինքնութեան հիմնասիւնը հանդիսացող Լեզուին։

Լեզուն, իրաւամբ, Հայու ինքնութեան յենակէտն է, զոր պահել-պահպանելու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք այսօր ազգովին, որովհետեւ տեղ մը հայախօսութեան նահանջին եւ Մայրենիին աղաւաղումին, ուրիշ տեղ մը օտար մշակոյթներու ազդեցութեան եւ կամայ ակամայ շրջապատին յարմարուելու ստիպողութեան կամ պարզապէս անտարբերութեան հետեւանքով զգացուող այդ յենակէտին թուլացումը կը վտանգէ մեր ինքնութիւնը, ուրեմն մեր ազգային գոյութիւնը։

Մեր ինքնութեան, եւ հայօրէն գոյատեւումին համար Լեզուն անաղարտ պահելու, զայն աղաւաղող ու աղարտող օտարամուտ ազդեցութիւններէն զերծ պահելու եւ նորահաս սերունդներու սիրոյ ու գուրգուրանքին առարկան դարձնելու հրամայականութիւնը կը շեշտուի ամէն օր, ամէն ժամ հայկական մամուլի էջերէն, լսարաններու բեմերէն, կրթական ամպիոններէն եւ յատկապէս եկեղեցական բարձրագոյն իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք Լեզուն մաշումէ փրկելու ահազանգ կը հնչեցնեն։ Արեւմտահայերէնի նահանջը արգելակելու մտահոգութենէն մղուած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը երկու տարի առաջ եռօրեայ ամբողջ գիտաժողով մը նուիրեց անոր Լիբանանի մէջ, իսկ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Գրիգոր Նարեկացի Կեդրոնին գործունէութեան առանցքը կը կազմէ ան։

Այսուհանդերձ, մեր ինքնութեան անաղարտ պահպանումին համար նուազ կարեւոր չէ Հաւատքը, Լուսաւորչեան Հաւատքը, որովհետեւ Հայ Ազգին աստուածաշնորհ այս յատկանիշը իր մէջ կ՛ամփոփէ Հայու ինքնութեան հոգեմտաւոր, մշակութային, քաղաքակրթական բոլոր առանձնայատկութիւնները։ Հետեւաբար, անոր պահպանումը մեր հայօրէն գոյութեան ու գոյատեւումին համար լեզուին չափ կենսական է։ Այս գիտակցութիւնը ամէն հայու կեանքին մէջ վառ պահելու մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնուինք այսօր ազգովին՝ Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդութեամբ։

Հայը հոմանիշ ըլլալով քրիստոնեայի, ամբողջական Հայու տիպարը քրիստոնէադրոշմ է, պէտք է ըլլայ անպայման։ Մկրտութեամբ ստացուած այդ դրոշմին անաղարտ պահպանումը կը կարօտի մեր ժողովուրդը իր հաւատքին մէջ զօրացնող եւ անխախտ պահող եկեղեցաւանդ դաստիարակութեան։ Այդ դաստիարակութիւնը չի սահմանափակուիր պարզապէս խաչակնքել գիտնալուն, մոմավառութեան, մատաղ մատուցանելու, սրբավայր մը ուխտագնացութիւն կատարելու, ՆԱՐԵԿը սնարին տակ պահելու կամ, լաւագոյն պարագային, տաղաւար տօներուն եկեղեցի երթալու նման սովորութիւններու մէջ՝ որքան ալ հասարակութեան քրիստոնէական ընդոծին զգացումները արտայայտող ցուցանշաներ ըլլան ասոնք։

Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը՝ օտարացման, ուծացման, այլասերման, օտարամուտ բարքերու եւ մեր ազգային ինքնութեան սպառնացող շարժումներու, աղանդներու ազգակործան գործունէութեան դէմ (մասնաւորաբար Հայաստանի մէջ) պայքարի ամէնէն հզօր զէնքն է։ Ան՝ Հայը իր Հաւատքին մէջ ամուր պահող սարքն է։ Ո՛չ մէկ օրէնք՝ որքան ալ խիստ ըլլայ, ո՛չ մէկ արգելիչ միջոցառում՝ որքան ալ ուժեղ ըլլայ, ինքնութեան պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ չեն կրնար փոխարինել քրիստոնէական դաստիարակութիւնը։ Անով օժտուած մարդը, ինչպիսի պայմաններու ու շրջապատի մէջ ալ գտնուի, ինքնաբերաբար եւ ինքնակամ կը հակադրուի զինք մոլորեցնող երեւոյթներուն ու կը մերժէ զինք խոտորեցնող ամէն առաջարկ։ Մէկ խօսքով, քրիստոնէական դաստիարակութեամբ զինուած հասարակութիւնը մեր հոգեւոր եւ ինքնութեան անվտանգութեան գրաւականն է, այնպէս ինչպէս լաւապէս մարզուած ու սպառազինուած բանակը՝ Հայրենիքի սահմաններու անվտանգութեան երաշխաւորը։

Մեր ժողովուրդի հոգեւոր անվտանգութեան յառաջապահը Եկեղեցին ըլլալով, ան կոչուած է Հաւատքը՝ հաւատացեալ հասարակութեան մէջ մշտարծարծ պահելու մշտանորոգ աւետարանումի ճամբով, իսկ հոգեւորականները, իբրեւ Հաւատքի եւ աւետարանումի առաքեալներ, կոչուած են դառնալու քրիստոնէական արժէքներով իրենց շրջապատը ոգեշնչող մնայուն ներկայութիւն հասարակութեան բոլոր խաւերէն ներս։ Աւելորդ է խօսիլ անշուշտ այդ ոգեկոչումը կատարելու կոչուած հոգեւորականին կեանքի վկայութեան կարեւորութեան մասին։ Այդ վկայութիւնը արտայայտութիւնը պէտք է ըլլայ եկեղեցականին հանդէպ հաւատացեալ հասարակութեան համարումին։

Այսուհանդերձ, համաշխարհայնացման հաւատազրկող պայմաններուն տակ, հայ հաւատացեալ հասարակութեան հաւատքին դէմ ուղղուած փորձութիւնները ցոյց կու տան որ որքան ալ զօրաւոր ըլլայ Եկեղեցին, անոր ուժն ու հեղինակութիւնը այս օրերուն առանձին բաւարար պիտի չըլլան չէզոքացնելու համար այդ փորձութիւնները, եթէ հաւատացեալ հասարակութիւնը կանուխէն կազմաւորուած ու զօրացած չըլլայ քրիստոնէական դաստիարակութեամբ։ Ահա թէ ինչու այսօր, աւելի քան երբեք, Հաւատքի նահանջը աւետարանումի, նո՛ր աւետարանումի կամ վերաւետարանումի ճամբով արգելակելու մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնուին նաե՛ւ Հայ Եկեղեցին եւ հայ եկեղեցականը։

Եթէ նոր աւետարանումը առաւելաբար մեծահասակներուն, յետ Մկրտութեան եկեղեցիէն հեռու կանգնած մարդոց համար է, քրիստոնէական դաստիարակութիւնը սահմանուած է նորահաս սերունդներուն։ Ան պէտք է սկսի վաղ մանկութենէն։ Պէտք է հանրային կրթութեան պատասխանատուներուն յատուկ ուշադրութեան առարկան ըլլայ։ Ան պէտք է իր առաջնակարգ տեղը ունենայ թէ՛ Սփիւռքի հայկական վարժարաններու եւ թէ մանաւանդ Հայաստանի կրթական-ուսումնական ծրագիրներուն մէջ։ Լեզուի դասագիրքերուն եւ հայագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներուն չափ կարեւոր են քրիստոնէականի դասագիրքերը եւ դասատուները՝ ճշմարիտ հայը կերտելու համար, քանի դեռ ուշ չէ, եւ որպէսզի հայ ժողովուրդին մէջ երբեւիցէ նո՛ր աւետարանումի կարիքը չզգացուի։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ







All the contents on this site are copyrighted ©.