2013-07-29 13:39:41

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Հանդիպումը ՃՄՃ իի Կամաւորներուն Հետ։


Անոնց ուղղած ճառով Սրբազան Հայրը ըսաւ. չէի կրնար Հռոմ վերադառնալ առանց նախապէս երախտագիտութիւնս յայտնելու ձեր տածած նուիրումին. ընկերանալով, օգնութեան հասնելով ու ծառայելով բիւրաւոր երիտասարդ ուխտաւորներուն։
Ձեր անվերապահ նուիրումով ցոյց տուիք որ 'աւելի լաւ է տալ քան առնել'։ Ձեզի կ'ուզեմ ըսել. եղէ՛ք միշտ վեհանձն յաչս Աստուծոյ ու մարդոց։

Սիրելիներ, Աստուած ձեզ կը կանչէ վերջնական ընտրութիւն կատարելու, ձեր իւրաքանչիւրին համար յատուկ ծրագիր մը ունի։Կարեւոր է զայն ճանչնալ, համապատասխանել եւ ուրախութեամբ իրականացնել։ Աստուած ամէնքս կը կանչէ սրբութեան։ Ձեզմէ ոմանք կանչուած են ընտանիք կազմելու ս. պսակի խորհուրդի միջոցաւ։ Կան մարդիկ որ կ'ըսեն թէ ամուսնութիւնը արդի բան չէ։ Ժամանակաւոր ու յարաբերական մշակոյթը կը քարոզէ որ հարկաւորը վայելքն է, կարեւոր չէ նուիրուիլ բոլոր կեանքին համար` վերջնական ընտրութիւն մը կատարել։ Ես ձեզմէ կը խնդրեմ որ յեղափոխական ըլլաք, հակահոսանք քալէք ու ապրիք երջանիկ։
Տէրը, նաեւ ուրիշները քահանայութեան կը կանչէ` իրենք զիրենք նուիրել բոլորին ու դառնալ Բարի Հովիւներ։ Ուրիշներ կանչուած են մենակեաց կեանքի, ինքզինքնին նուիրելով աղօթքի կեանքին աշխարհի բարիքին համար։
Ես բնաւ պիտի չմոռնամ այդ 21 սեպտեմբերը, երբ 17 տարեկան էի, պահ մը եկեղեցի մտայ խոստովանանքի, հոն` առաջին անգամուան համար լսեցի Աստուծոյ կանչը։

Սիրելիներ մի վախնաք Աստուծոյ կանչէն։ Կ'արժէ այո ըսել։ Աստուծոյ մէջ պիտի գտնէք ուրախութիւնը։ Ձեզմէ ոմանք տակաւին չեն գիտեր ինչ ընել իրենց կեանքով, Տիրոջմէն խնդրեցէք, Ան ձեզի ցոյց պիտի տայ ճանապարհը։

Սիրեցեալ բարեկամներ շնորհակալ եմ ձեր տածած աշխատանքին համար, մի մոռնաք այն ինչ որ հոս ապրեցաք, կրնաք միշտ վստահիլ իմ աղօթքիս ու ես կը վստահիմ ձեր աղօթքին։ Աղօթեցէք ինծի համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.