2013-07-29 13:00:23

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ցաւակցական Հեռագիրը Կարտինալ Թոնինիին Մահուան Առթիւ


Կարտինալ Թոնինիին մահուան առթիւ, որ պատահեցաւ կիրակի 28 յուլիսի առաւօտեան ժամը 2- ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց Րավէննայի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Լորէնցօ Կիցցոնիին եւ թեմի հաւատացելաներուն որուն մէջ գրեց ''Մեծ ցաւով իմացայ Րավէննայի երբեմնի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Էրսիլիոյ Թոնինիին մահուան տխուր լուրը ։ Աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած որպէսզի եռանդուն եւ առատաձեռն հովիւին պարգեւէ յաւիտենական հանգիստ։ Աղօթքով կը միանամ, թեմի հասարակութեան ցաւին։
Սրբազան Հայրը ապա կ՛ակնարկէ Կարտինալ Թոնինիին բեղմնաւոր եւ բազմաթիւ առաքելական գործունէութիւններուն Րավէննայի թեմէն ներս ու բոլոր թեմի անդամներուն կը յայտնէ իր ''խորին ցաւակցութիւնները''։
Ֆրանչիսկոս Պապը իր հեռագիրը կ՛եզրափակէ բոլորին սրտանց բաշխելով ''մխիթարիչ Առաքելական օրհնութիւնը, յատուկօրէն անոնց որոնք վերջերս մեծ սիրով նեցուկ կանգնեցան հանգուցեալ Կարտինալ Թոնինիին։

Յայտնենք որ Կարտինալ Թոնինի ծնած էր 20 յուլիս 1914-ին Իտալիիոյ ''Չէնթովէրա Տի Սան Ճորճօ Բիաչէնդինօ'' քաղաքը։ 11 տարեկանի մտած է Բիաչէնցայի նորընծայարանը եւ հոն աւարտած` նախակրթականի ուսումները։ Քահանայ կը ձեռնադրուի 18 ապրիլ 1937-ին։ Իր առաքելական գործունէութեան ընթացքին կը վարէ Փիաչէնցայի նորընծայարանի փոխ տեսուչի պաշտօնը, Սալսոմաճորէի ժողովրդապետ կ՜անուանուի ուր կը հիմնէ ''Տօն Պոսկօյի'' որբանոցը։
28 ապրիլ 1969 Պօղոս Զ Քահանայապետը զինք Եպիսկոպոս կ՛անուանէ նոյն տարուայ 22 Նոյեմբերին կը ստանցնէ Րավէննայի թեմի Արքեպիսկոսի պաշտօնը։
26 նոյեմբեր 1994-ին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետը գերապայծառ Թոնինիին շնորհած էր Կարտինալական տիտղոսը։







All the contents on this site are copyrighted ©.