2013-07-29 13:37:48

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Հռոմ Ժամանելուն Շնորհակալութիւն Յայտնեց Տիրամօր։


Սուրբ Աթոռի բանբեր` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին յայտարարած է թէ Պրազիլի ճամբորդութեան աւարտին, Հռոմ Ժամանելուն, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզած է այցելել Հռոմի Սանդա Մարիա Մաճճորէ, Աստուածամօր նուիրուած Պազիլիքան, ուր պահ մը աղօթած է եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Տիրամօր` երիտասարդութեան համաշխարհային անմոռանալի օրերուն համար։
Պազիլիքայի մուտքին մի քանի պատանիներ առիթը ունեցած են ողջունելու Քահանայապետը եւ անոր նուիրելու ճմճ-ի գնդակ մը եւ մարզական վերնաշապիկ մը որ Սրբազան Հայրը իր կարգին զետեղած է Աստուածամօր սրբապատկերին տակ որպէս ընծայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.